Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի դիտարկումը պիտի սկսի յաջորդ Երկուշաբթի օրէն սկսեալ։
Այս մասին Պերլինի մէջ յայտարարեց կառավարութեան բանբեր Շտեֆեն Հեպեշթրէյթ:
Ըստ անոր՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանը պիտի դիտարկեն նաեւ Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ: Գերմանիայ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ քաղաքացիական փորձագէտներ ուղարկել:
Ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 կիներ եւ տղամարդիկ պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանը: