Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին Չինաստանի մէջ տեղի ունեցաւ 2007ի կանանց ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, իրարու դէմ հանելով տիտղոսակիր Գերմանիան եւ Պրազիլը:
Գերմանիա հանդիսացաւ առաջին երկիրը, որ յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով իր մօտ պահեց տիտղոսը՝ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պրազիլը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, երկու անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միացեալ Նահանգներ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորվեկիան:
Նկարին մէջ, Գերմանիոյ խմբապետ Պիրժիթ Փրինց բաժակը կը ստանայ ՖԻՖԱի նախագահ Սէփ Պլէթըրէն: