ՊՐԵՄԸՆ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ Գերմանիոյ Die Linke (նախապէս՝ Համայնավար կուսակցութիւն անունը կրող) կուսակցութիւնը երկու օր առաջ կայացած իր համագումարի ընթացքին խստօրէն քննադատեց իր ականաւոր դէմքերէն Հաքքի Քեսքինը, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար:
Քեսքին, որ նախապէս վարած է Գերման-թրքական կեդրոնական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը, ուրացման գծով յայտարարութիւն կատարած էր, ինչ որ ընդվզում յառաջացուց իր իսկ կուսակցութեան մէջ եւ դատապարտումի ալիք յառաջացուց պահպանողական, Ընկերվարական եւ նոյնիսկ Կանաչներու կուսակցութեան կողմէ:
Հեռաւորութիւն պահելու համար Քեսքինի ուրացումէն, վերոնշեալ կուսակցութեան ղեկավարներ Օսքար Լաֆոնթէն եւ Կրիկոր Կիսի մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, ընդգծելով. «(Օսմանեան կառավարութեան կողմէ) Հայ ժողովուրդի բնաջնջումի փաստը հարցականի տակ դրուող հարց չէ» եւ թէ «այս հարցով Պունտսթակի 2005ի բանաձեւը հիմքը կը կազմէ մեր՝ Die Linke կուսակցութեան կեցուածքին»:
Հակառակ այս հաղորդագրութեան, Քեսքին պնդեց ուրացման իր կեցուածքին վրայ:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը գոհունակութիւն յայտնեց գերմանական այս կուսակցութեան կեցուածքին նկատմամբ: Յանձնախումբի գործավար Լորան Լէյլէքեան միաժամանակ դիտել տուաւ, որ «կը մնանք խորապէս մտահոգ այն երեւոյթով, որ կարգ մը տարրեր կը փորձեն նոյնացնել Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին տառապած ժողովուրդներու պարագան եւ Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը»: