ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան թրքական «Զաման» թերթի թղթակից Ահմէտ Էօզայի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ այսօր իրենց անունն ու կրօնքը փոխած 500,000 հայեր կ’ապրին:
Գարեգին արք. Պէքճեան դիտել տուաւ, որ ինք միշտ կողմնակից եղած է երկխօսութեան եւ իր կարծիքով, թուրքերու ու հայերու միջեւ չկայ հարց մը, որուն լուծումը գոյութիւն չունենայ, սակայն այդ լուծումին յանգելու համար պէտք է խուսափիլ աժան ու անճիշդ յայտարարութիւններէ։ Օրինակ, շարունակեց ան, ոմանք կը պնդեն, թէ Անատոլուի մէջ հայեր չեն մնացած, մինչդեռ Քեմալ Եալչընի գիրքէն կը տեղեկանանք, որ Անատոլուի մէջ իրենց անունն ու կրօնքը փոխած 500 հազար հայեր կան։
Ան անդրադարձաւ նաեւ հայերու կողմէ թրքական անուն կրելու հարցին ու «բնական» գտաւ այդ մէկը, որովհետեւ Անատոլուի մէջ հայեր ստիպուած կը փոխէին իրենց անունը։ Ուրեմն, շարունակեց սրբազանը, Անատոլուի մէջ 500 հազար հայեր կան, որոնք անուն ու կրօնք փոխած ըլլալով հանդերձ, գիտեն, որ հայ են։
Սրբազանը ապա քիչ մը վարանելով կ՚առաջարկէ, որ Թուրքիոյ մէջ ալ տեղահանութեան ընթացքին մահացած հայերուն համար յուշարձան մը կառուցուի, ու հոն մարդիկ կարենան աղօթել։ Ասիկա արդեօք ինչո՞ւ ընդունելի չըլլայ, քանի որ թրքական կողմն ալ կ՚ընդունի, որ մեծ թիւով հայեր մեռած են։ Հիմա սպաննողները չենք փնտռեր, միայն յուշարձան մը թող բացուի։ Ինք եթէ Թուրքիա գայ ու երեսփոխան ընտրուի, կրնայ առաջարկել այսպիսի բան մը։