ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մասնակցութեամբ երէկ, Նոյեմբեր 15ին Պերլինի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքին, որ կը գտնուի քաղաքի ամենահեղինակաւոր թաղամասերէն մէկուն մէջ:
Դեսպանատան նոր շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահ Քոչարեանի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահը այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Պերլինի քաղաքապետ Քլաուս Վովերայթի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլի հետ:
Նախագահ Քոչարեան ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Գերմանիոյ ամենամեծ եւ ազդեցիկ Պերթելսման քաղաքական հիմնադրամի կեդրոնէն ներս: