Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի մշակութային յանձնախումբի եւ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13 2006ի երեկոյեան ժամը 7:45ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ, Պըրպէնք, գրասէր եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յարգանքի երեկոյ մը՝ նուիրուած Լիբանանէն ժամանած գրող Արամ Սեփեթճեանի, իր հեղինակած «Ժամանակայոյզ խոհեր» գիրքի հրատարակութեան առիթով:
Օրուան հանդիսավարն էր Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան: Հանդիսութեան կը նախագահէր առաջնորդ սրբազանը: Ներկայ էին նաեւ հոգեւորականներ եւ հանրածանօթ գրողներ:
Հայր սուրբը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչպէս հեղինակը ինք պիտի ըսէ իր «Ժամանակայոյզ խոհեր» գիրքին մէջ, «Ուսանողը հոն պիտի կարենայ գտնել ազգային համախոհութեան եւ իրաւախոհութեան առաջնորդող էատարրեր» եւ երբ գիրքը կարդաք, «ապահովաբար հոն պիտի գտնէք մաս մը ձեր սեփական ապրումներէն, յոյզերէն, տառապանքէն»:
Իր գործերը մտածման մը արդարացումն են: Դժուար չէ գուշակել իր զգացումները եւ վերլուծումները եւ առաջադրանքները, որոնք իր մօտ կը նուաճուին աշխատանքի անձանձիր վաստակով, գեղարուեստական իր ճիգին մէջ, միշտ մեկնակէտը ունենալով Մեսրոպեան ուղին: Իր հոգեկան չարչարանքը վկայութիւնն է իր անկեղծ խառնուածքին եւ մաքուր հայրենասիրութեան: Իր յոյզերուն մէջ ան պիտի կոչէ «Մեղայ Արարատին, երիցս մեղայ, կը պահանջենք շուտափոյթ վերականգնումը կրկնակի նահատակութեամբ անհետացող մեր արժէքներուն վերադարձը Երեւանի հայ մշակութային գանձարանէն գողցուած եւ արտասահման փոխադրուած գեղարուեստական մեր գլուխ գործոցները: Նոյն մտահոգութեամբ ան կը պահանջէ նաեւ վերացումը ներազգային մեր տխուր տարակարծութիւններուն եւ անհանդուրժողութիւններուն»:
Ապա հրաւիրեց Նուպար Յակոբեանը, որ երկարամեայ կրթական մշակ մը եղած է Սուրիոյ մէջ, որ իր ողջոյնի ջերմ խօսքը ուղղեց եւ որոշ չափով անդրադարձաւ Ա. Սեփեթճեանի կեանքին:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն շրջանաւարտ, տաղանդաւոր երաժիշտ, հեղինակ ստուար թիւով դաշնամուրի կտորներու, ուսուցիչ եւ մշակութային գործիչ՝ Վաչէ Մանկրեան դաշնամուրի վրայ նուագեց հայկական երաժշտական կտոր մը:
Տոքթ. Կիրակոս Մինասեան հակիրճ, բայց կատարեալ ձեւով ներկայացուց հեղինակին ծառայութիւնները Բարեգործականէն ներս:
Վաչէ Սեմերճեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի «Թէքէեան» մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, հանգամանօրէն եւ մանրամասնութեամբ գրախօսականը կատարեց Արամ Սեփեթճեանի այս գործին, երբեմն լայն հատուածներ կարդալով գիրքէն եւ մեկնաբանութիւններ տալով: Իր խօսքը ամբողջացնելէ առաջ, ան «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանէն նոր շրջանաւարտ եղած Տիգրան Ալթունեանը հրաւիրեց, որ հեղինակին կողմէ 1991 թուին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած շահեկան յօդուածը կարդաց: Ապա Վ. Սեմերճեան գնահատական խօսքով եւ բարեմաղթութիւններով աւարտեց իր գրախօսականը:
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց հեղինակը, որպէսզի իր սրտի խօսքը ընէր:
Արամ Սեփեթճեան յայտնեց, թէ ինք խորապէս յուզուած է տեսնելով հոգեւորականաց դասը, աւագ գրչեղբայրներ եւ մշակութասէր հասարակութիւնը: Ան շեշտեց հայ գրականութեան, մշակոյթի, հայրենիքի եւ Հայց. եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր մեծ սիրոյն անհրաժեշտութիւնը: Յիշեց Սաղմոսէն համար մը, որ Աստուծմէ կը հայցէր Իր լոյսն ու ճշմարտութիւնը՝ կոչ ուղղելով, որ մեր կեանքի ընթացքին կարիքը ունինք լոյսի եւ ճշմարտութեան, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհներով ապահովենք գոյութիւնը մեր ազգին եւ հայրենիքին: Ցաւ յայտնեց, որ գլխաւորաբաար քաղաքական պատճառներով Միջին Արեւելքի հայութիւնը կը նուազի եւ ժողովուրդը կը հաստատուի Արեւմտեան երկիրներուն մէջ: Կը հաւատայ, որ միա՛յն հայրենիքը մնայուն է, ուր մեր հոգեւոր եւ մտաւոր ժառանգութիւնը կը պահպանուի եւ կը զօրանայ: Լիբանան ապրած ըլլանք եւ կամ Ամերիկա, միեւնոյնն է, կը գտնուինք Սփիւռքի մէջ:
Չափազանց ուրախ էր, որ այս պատիւը իրեն կը տրուէր Հայց. եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ իր սրտին շատ մօտիկ եւ գործակից «Թէքէեան» մշակութային միութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան: Իր սէրն ու յարգանը յայտնեց բոլորին եւ քաջալերեց, որ մեր երիտասարդութիւնը նուիրեալ ոգիով եւ համբերութեամբ տէր կանգնի մեր հարուստ գրականութեան: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսավար Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեանին, որուն անկեղծ բարեկամութիւնը կը վայելէր երկար տարիներէ ի վեր:
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ սրբազան հայրը, որ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորիչ խօսքերով խորապէս գնահատեց յոբելեարին երկարամեայ գրական, հասարակական, եկեղեցական եւ այլ ծառայութիւնները, որոնց համար իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր: Նկատի ունենալով, որ մեծարեալին գրական, հասարակական եւ երկարամեայ ծառայութիւններուն յիսնամեակը պիտի ըլլար յաջորդ տարի, յայտարարեց, թէ նոյնպէս «Գալայճեան» սրահին մէջ պիտի նշուէր մեածաշուք հանդիսութեամբ: Շեշտեց հոգեւորականին, գրական եւ հասարակական գործիչներուն անձնուէր ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր դարաւոր հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեանց պահպանման համար: Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց այս բացառիկ ձեռնարկին մասնակցող միութիւններուն եւ երեկոն փակուեցաւ «Պահպանի»չով:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան անձամբ շնորհաւորելու յոբելեարը եւ նոյնպէս օրինակ մը առնելու գիրքէն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Պըրպէնք, Դեկտ. 15, 2006