Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր, 2006ի երեկոյեան ժամը 8ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօն՝ նուիրուած Պօղոս Գուբելեանի “African Symphony” պատմուածքներու անգլերէն հատորին, որուն ներկայ էին գաղութիս ծանօթ մտաւորականներ, գրասէր հիւրեր եւ քալիֆորնիահայ մամուլի ներկայացուցիչներ ու մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը:
Հատորը, որ Ափրիկեան ցամաքամասի եւ անոր տեղացիներուն կեանքէն առնուած հեղինակ Գուբելեանին հայերէն երեք հատորներէն վերցուած 18 պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է, թարգմանուած էր Նորա Արմանիի, Իշխան Ճինպաշեանի եւ Երուանդ Գոչունեանի կողմէ:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Անտոն Սարոյեան, երկլեզու աղօթքներով բացումը կատարեց: Անթուան Գարամանեան հայերէնով, ամփոփ գիծերու մէջ նախ նեկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը եւ անդրադարձաւ մշակոյթի ամսուան առթիւ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկի էականութեան, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ գինեձօնով մը պատուել հեղինակը:
«Պօղոս Գուբելեան, շարունակեց ան, հայ գրականութեան մէջ, իր ստեղծագործ գործերով, նոր աւիշ եւ երանգ մը բերաւ»: Անթուան Գարամանեան մէկ առ մէկ յիշեց անոր ցարդ լոյս տեսած գործերը, աւելցնելով, թէ տակաւին բազմաթիւ են չհրատարակուածները: Ապա շեշտեց Գուբելեանի գրական ոճին պարզութիւնը, անոր պատմուածքներուն սահուն հոսքն ու հետաքրքրական լեզուն:
Օրուան հանդիսավար դոկտ. Ժոզէֆ Քէշիշեան անգլերէնով նախ յայտնեց, թէ հատորը իր տեսակին մէջ նորութիւն մըն էր, որովհետեւ լոյսի կը բերէր չլուսաբանուած ցամաքամաս մը ու անոր բնակիչներուն կեանքէն վերցուած հետաքրքրական նորութիւնները, ստեղծագործ հայու մը գրիչով արտայայտուած:
«Հատորը, շարունակեց հանդիսավարը, ամէնէն առաջ կը յայտնաբերէ հեղինակին ունեցած անհուն սէրը հանդէպ Ափրիկէի ու անոր ժողովուրդին: Շատ քիչեր հայերէնով անդրադարձած են Ափրիկէին: Գուբելեան անոնցմէ մէկն է, որ հատորներ նուիրած է այս մեծ ցամաքամասին: Հեղինակ Գուբելեան իր այս ստեղծագործութիւններով մեր աչքին առջեւ կը բանայ ցարդ գոց աշխարհ մը: Այս հատորին գեղեցկութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ անգլերէն ընթերցողը պիտի կարենայ ըմբոշխնել հայ գրողի մտքին ու հոգիին արգասիքը հանդիսացող պատմուածքները: Իւրաքանչիւր պատմուածք ինքնին կ’արտացոլացնէ հեղինակ Գուբելեանին դէպի մարդկայնութիւն ձգտումը», անբողջացուց Քէշիշեան:
Հատորին, դարձեալ անգլերէնով, այս անգամ անդրադարձաւ դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան, որ իր խօսքի սկիզբին բացայայտեց, թէ ինք քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ մըն էր եւ որ առաջին անգամ ըլլալով գրական գիրք մը հանրութեան կը ներկայացնէր:
«Սակայն, շարունակեց դոկտ. Շիրինեան, այս հատորը իրեն համար կը բանար նոր աշխարհ մը, ուր Ափրիկէն եւ ափրիկեցին իրենց ընկերային, հասարակական ու տնտեսական կեանքով կը պարզէին մարդկային վերաբերմունքն ու վարմունքը՝ հարազատօրէն:
«Այս թարգմանութիւնը, իբրեւ գրականութիւն, շարունակեց Շիրինեան, ինծի համար նոր հորիզոններ բացաւ: Հոն կը հանդիպինք դէպքերու եւ դէմքերու գեղեցիկ համաչափութեան մը: Հեղինակը, որուն գրիչէն կը ծորի Ափրիկէի դժբախտ կացութիւնը, իր բոլոր հերոսներուն հետ միշտ ներկայ է իր պատմուածքներուն մէջ: Այլ խօսքով, ափրիկեցիի ամէնօրեայ դառն կեանքն ու անոր համար մղուած ծանր պայքարն է, որ կ’ապրի նաեւ հեղինակը»:
Իր խօսքերը հատորէն մէջբերումներով համեմելով, Շիրինեան բացայայտեց նաեւ, թէ ներկայացուածը ափրիկեցիի սովորական կեանքն էր՝ իր բոլոր երեսներով եւ զանազան հերոսներու դրսեւորումներով:
«Հերոսները պարզ քաղաքացիներ են,- շարունակեց Շիրինեան,- որոնց կեանքը դժբախտութիւններով լեցուն է: Այլ խօսքով՝ հեղինակը հարազատութեամբ պահած է հերոսներուն դիմագիծը: Այս մէկը ինքնին մեծ նուէր մըն է Ափրիկէն ճանչնալ փորձող բոլոր ընթերցասէրներուն»:
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքով (անգլերէնով) ելոյթ ունեցաւ նաեւ հատորին թարգմանիչներէն՝ Եուանդ Գոչունեան, որմէ ետք հեղինակ Պօղոս Գուբելեան, անգլերէնով նախ անդրադարձաւ բանաստեղծ Հրաչ Քաջարենցի Ափրիկէի մասին գրելու իրեն հասցէագրած մաղթանքին:
Ապա ան խօսեցաւ իր տպաւորութիւններու մասին, երբ ինք առաջին անգամ ըլլալով, 23 տարեկան հայ պատանի մը ոտք կը դնէր այդ հսկայ եւ անծանօթ ցամաքամասին վրայ:
Հեղինակ Գուբելեան բացայայտեց նաեւ հատորը անգլերէնի թարգմանելու գաղափար-ծրագիրը, որ դժբախտաբար պայմաններու բերումով երկու տասնամեակներ ետք, այս օրերուն միայն կ’իրականանար:
«Ստեղծագործ ամէն մարդու կեանքին մէջ գոյութիւն ունին անկիւնադարձային պահեր՝ առնելու ան բախտորոշ քայլը, որ կոչուած է յաճախ ենթակային եւ հազարաւոր մարդկանց կեանքերը յեղաշրջելու:
«Վաղ հասակիս Ափրիկէ մեկնումս ճակատագրական այդ քայլը հանդիսացաւ: Այս ցամաքամասի տարածքին անգամ մը եւս համոզուեցայ, թէ յաճախ մարդկութիւնը ատակ է ինքզինք մատնելու բարոյական սնանկութեան»:
Հեղինակ Գուբելեան անդրադարձաւ նաեւ Ափրիկէի մէջ կարգ մը ընտրեալներու առաքինի նուիրումին՝ ամոքելու տառապող մարդկութեան ցաւերը:
Ապա շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքեր յայտնեց գինեձօնին իր հատորը ներկայացնողներուն, թարգմանիչ ընկերներուն, ձեռնարկը կազմակերպող ժողովրդապետութեան եւ ներկաներուն:
«Ես փորձեցի ափրիկեցին մարդկայնացնել, միս ու ոսկոր տալով հերոսներուս եւ, ամէնէն կարեւորը, փորձեցի անոնց ծով տառապանքը բաժնել: Գեղեցիկի եւ ճշմարտութեան փնտռտուքով ամբողջ յիսուն տարի ճգնեցայ, յուսալով փոխել մարդոց ճակատագիրը: Եթէ ինծի յաջողուեցաւ գոնէ քիչ մը մեղմել այդ ցաւը եւ ոմանց պարագային ալ՝ ընթերցանութեան հաճոյքը փոխանցել, ինքզինքս վարձատրուած կը զգամ», ամբողջացուց հեղինակը:
Ձեռնարկին Մայքըլ Մէրիլէս ընթերցեց հատորին մէջ տեղ գտած 18 պատմուածքներէն՝ Չիքոն: Իսկ գեղարուեստական բաժնին մեներգներով ելոյթ ունեցաւ Անթուան Պէզճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Հմայեակ Օհաննէսեանի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը հայր Սարոյեանի նախագահութեամբ, որմէ ետք հիւրասիրութեան պահուն, հեղինակը մակագրեց իր հատորները: