Ձմրան պաղ եղանակը ու անոր երկար գիշերները մեզի կը յիշեցնեն գինի խմելը: Յատկապէս օրական մէկ գաւաթը ուղղակի բուժիչ յատկանիշներով օժտուած «դեղ» մըն է, զոր բոլորս հաճոյքով պիտի սպառենք: Սակայն ինչպէս որ լաւ գինին խմելը շատ կարեւոր է գլխացաւ չունենալու համար, այնպէս ալ զայն լաւ պահելը անհրաժեշտ է, խմած միջոցին հաճոյքը վայելելու համար:
Արդեօ՞ք կը պատկանիք մարդոց այն խումբին, որոնք անհրաժեշտ կը զգան հանգիստ քնանալու համար յատուկ կողմ մը դառնալ ու իրենց յարմար լուսաւորում ու ջերմութիւն տալ սենեակին: Ուրեմն շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի ըմբռնէք գինիին պատսպարուելու իւրայատուկ պահանջները: Կարգ մը գաղափարներ կրնանք հրամցնել՝ իւրաքանչիւր հաւաքածոյի եւ գրպանի յարմարող:
Առաջին հերթին լաւ յիշեցէք, թէ ամէն գինի, որ շուկան կը վաճառուի, արդէն պատրաստ է խմուելու: Այս իմաստով տարիներով պահելու ցանկութիւն մի ունենաք, որովհետեւ այս ձեւի պահուիլը զայն «հին» եւ հետեւաբար՝ համեղ չի կրնար դարձնել: Այս իմաստով ուրեմն գինի պահելու սուղ դարաններ կամ պահարաններ մի գնէք:
Իսկ եթէ իսկապէս գինի ունիք, որ արժանի է ամէն գնով պահուելու եւ հին կոչումը ստանալու, ահաւասիկ կարգ մը առաջարկներ այդ մէկին համար:
Համահաւասար ջերմութիւն: Անհրաժեշտ է միշտ, որ գինիին պահեստանոցը ունենայ 50-60 աստիճան ֆէրընհայթ ջերմաստիճան:
Բարձր խոնաւութիւն: Եթէ գինիի սենեակը չոր է, կը նշանակէ, թէ անոր շիշերուն խցանները եւս պիտի չորնան ու այդ պատճառով օդ պիտի մտնէ հոն ու գինին իր համն ու հոտը պիտի կորսնցնէ եւ զայն օգտագործողները պիտի… տխրին: Խոնաւութիւն պահելու միտումով է նաեւ, որ գինիի շիշերը պէտք է պառկած դիրքով պահպանել:
Մթութիւն: Լոյսը պատճառ կը դառնայ, որ քիմիական շարժումները աւելի արագ ընթանան: Գինին այնքան նուրբ է, որ անոր համար այդ քիմիական շարժումները միայն աւեր կրնան գործել:
Ո՞ւր կրնաք պահել գինին:
Հոս ձեզի կ’առաջարկենք չորս լաւ տեղեր.-
Պահարան: Եթէ գինիին համար ոչ նախանձելի եղանակով միջավայրի մը մէջ կ’ապրիք եւ փոքր հաւաքածոյ մը ունիք, պահարան մը կամ մառանը շատ լաւ կրնան ծառայել ձեր գինիին նուրբ պահանջքներուն: Օրինակ, եթէ ձեր մանկիկին պահարանը իր ծաւալով կը թոյլատրէ այդ մէկը ընել, ըրէք անպայման: Հոս սակայն պայման մը կայ, որ պէտք է նկատի առնել: Երբ ձեր երեխան այլեւս կրնայ գինի բանալու գործիքը օգտագործել, կը նշանակէ, թէ այդ տեղէն պէտք է հանել գինին:
Գինիի «քարայր» կամ գինիի սառնարան: Այս մէկը խորքին մէջ սովորական սառնարանի նման է, սակայն կառուցուած է յատուկ գինիի համար: Անոնք բաւական գործնական են եւ կառուցուած են նոյնիսկ խոհանոցներու countertop-երուն վրան զետեղուելու յարմարութիւններով: Կարգ մը սառնարաններ նաեւ ունին առանձին բաժին մը ճերմակ գինին պաղեցնելու համար:
Եթէ նպատակ ունիք մեծ քանակով գինի պահել ձեր տունը, կրնաք առանձին այդ սենեակին մէջ յատուկ զովացնող սարքեր դնել եւ այսպիսով մեծ պահարանի մը տէրը կը դառնաք առանց շատ դրամ ծախսելու եւ չարչարուելու:
Վերջին կարելիութիւնը քիչ մը աւելի ծախսալից է: Այս պարագային, եթէ շատ կը փափաքիք որեւէ ձեւով չմտահոգուիլ ձեր գինիով, կարգ մը խանութներ իրենք կ’առաջարկեն ձեր գինին պահել յարմար ջերմութեամբ ու խոնաւութեամբ, եւ դուք միայն կը վայելէք անոր հաճոյքը: Պաղ օրուան կրակարանին առջեւ գաւաթ մը գինի… մերժող չկայ:
Վերջին խորհուրդը գինիին պահեստանոցի համար. չափազանց անհրաժեշտ է մաքուր հոտով տեղ մը պահել զայն: Թէեւ գինին բացառիկ է պանիրի ընկերակցութեամբ, սակայն երբեք չփորձէք զայն գինիին հետ նոյն սենեակը պահել: Անոր հոտը կը վնասէ գինիին որակին ու համին:
Մեր նախնիները հեթանոսական օրերէն սկսեալ գինի պատրաստած են ու ամբարած: Յատուկ սարքեր պատրաստած են եւ ապա այս օրերուն ու այս պահանջներուն համապատասխանող նախնական միջոցներու դիմած են գինիին որակը բարձր պահելու համար: Անոր մէջ նաեւ յաջողած են ու այդ իսկ պատճառով հայկական ժողովրդային առածով հաստատած են, թէ՝ «Հին ընկերը կը նմանի լաւ գինիի, որքան ժամանակը անցնի, այնքան աւելի համեղ կը դառնայ»:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Յարկերով Թաքօ Աղցան
Պատրաստութիւն՝ 20 վայրկեան
Բաղադրիչներ
1 տուփ (15 օզ.) սեւ լուբիա, լուացուած ու քամուած
4 գաւաթ մանրուած հազար
1 միջակ լոլիկ՝ մանրուած
1 1/2 գաւաթ տաշուած մոնթերէյ ճէք պանիր
1/4 գաւաթ առանց կուտի հասուն ձիթապտուղ
1/4 գաւաթ ջարդուած կանաչ սոխ
1 տուփ 6 օզ սառած avocado dip՝ հալած վիճակով
1/2 գաւաթ թթուասեր (sour cream)
1 տուփ՝ 4 օզ. ջարդուած կանաչ կծու պղպեղ՝ ջուրէն քամուած
1 ա. դգալ կաթ
1 պճեղ քաշուած սխտոր
1/2 թ. դգալ կծու փոշի (chili powder)
1/2 գաւաթ ջարդուած լոլիկ (եթէ կը փափաքիք)
2 գաւաթ մեծ կտորներու վերածուած թորթիա չիփս
Պատրաստութիւն
Խորունկ եւ մեծ աղցանի ամանի մը մէջ զետեղեցէք յարկերով սեւ լուբիան, հազարը, լոլիկը, պանիրը, ձիթապտուղը եւ սոխը:
Թացանին համար միջակ խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք avocado-ն, թթուասերը, կծու պղպեղը, կաթը, սխտորը եւ կծու փոշին: Տարածեցէք պատրաստուած թացանը աղցանին վրայ եւ անոր վրան ըստ փափաքի ցանեցէք ջարդուած լոլիկը:
Աղցանին երեսը ծածկեցէք կերպընկալ փաթթոցով ու ապա սառնարանը դրէք հրամցնելէն առնուազն 2 ժամ առաջ: Առաւելագոյնը զայն պահեցէք այդ վիճակով 24 ժամ:
Հիւրասիրելէն առաջ լաւ մը խառնեցէք աղցանը եւ հրամցուցէք թորթիա չիփսով:
Այս չափը 4 հոգիի համար է: Բարի ախորժակ: