ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) գիտութեան ու կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամը (ԳԿՀԱՀ) եօթներորդ տարին ըլլալով դրամաշնորհներ կը տրամադրէ գիտնականներու:
Այս տարի հարիւրաւոր մասնակիցներէն դրամաշնորհի արժանացան 20 փորձառու եւ երիտասարդ գիտնականներ: ՀՕՖի հայաստանեան կեդրոնին մէջ, այսօր, դրամաշնորհները յանձնելու արարողութեան ընթացքին, կեդրոնի տնօրէն Բագրատ Սարգսեան յայտարարեց, որ հիմնադրամի նպատակը Հայաստանէն մտաւոր ուժի արտահոսքի կասեցումն է եւ նշեց, որ եօթը տարիներու ընթացքին ՀՕՖը շուրջ 800 հազար տոլար դրամաշնորհ յատկացուցած է մօտաւորապէս 160 գիտական աշխատանքերու համար:
Գիտական աշխատանքներու ստուգումը կատարուած է Նիւ Եորքի հետազօտական յանձնախումբի նախագահ, ամերիկահայ գիտնական Երուանդ Թերզեանի գլխաւորութեամբ: Աշխատանքները կը վերաբերին տարբեր բնագաւառներու, յատկապէս՝ բնագիտութեան:
Նիւ Եորքի ՀՕՖի գործադիր տնօրէն Գառնիկ Նանագուլեան յայտնեց, որ ընտրուած են միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող լաւագոյն աշխատանքները, որոնք պիտի հրապարակուին աշխարհի լաւագոյն գիտական ամսագիրներուն մէջ: Զանազան գիտական հանդէսներու մէջ արդէն տպագրուած են 600է աւելի աշխատանքներ: