ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 2ին գիւմրեցիները սրտի խոր ցաւով հրաժեշտ տուին անուանի ծամրամարտիկ եւ մարզիչ Խաչատուր Քափանակցեանին:
Մարզիկին վերջին հրաժեշտը տալու եկած էին ծանրամարտի ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, մարզիկներ եւ մարզասէրներ:
Երեսունիննամեայ մարզիկը, 1993ին դառնալով վերանկախացած Հայաստանի Եւրոպայի առաջին ախոյեանը, շարունակած է հայկական ծանրամարտի լաւագոյն աւանդոյթները: 1998ին Քափանակցեանը սահմանած է աշխարհի մրցանիշ: Աշխարհի կրկնակի մրցանիշակիրը 2006էն ստանձնած էր Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի երկրորդ մարզիչի պարտականութիւնը:
Նշենք, որ Խ. Քափանակցեանը մահացած է Սեպտեմբեր 29ին, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով: