ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանը կառավարման պիտի տրուի «Զուարթնոց»ի կառավարիչ «Քորփորասիոն Ամերիկա Ս.Ա.» ընկերութեան, որ կը պատկանի արժանթինահայ գործարար Է. Էռնէքեանին:
Կառավարութեան Օգոստոս 2ի որոշումով, հաւանութիւն տրուեցաւ կառավարութեան եւ ընկերութեան միջեւ 2001 Դեկտեմբեր 17ին ստորագրուած պայմանագիրի թիւ 3 լրացումին, որ կը վերաբերի «Շիրակ» օդակայանի կառավարումին:
Ըստ պայմանագիրի, օդակայանը կառավարող ընկերութիւնը պարտաւոր է վերանորոգել թռիչքուղին, զետեղել լուսաազդանշանային համակարգ, ապահովել առաջին կարգի օդակայանի մակարդակ: