
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ՝ «շրջանին համար գլխաւոր վտանգը Ղարաբաղի մէջ մնացող 10 հազար հայ զինեալներն են, որոնց պէտք է դուրս բերել Ատրպէյճանի տարածքէն»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը՝ նշելով նաեւ, որ Պայրամով զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը «կը շարունակէ ռազմաքաղաքական սադրանքներու ձեռնարկել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ»:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 12 Սեպտեմբերին (Արցախի) այսպէս կոչուած վարչակազմին ուղղուած շնորհաւորանքները ամբողջութեամբ կը հակասեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Ղարաբաղի շրջանին հանդէպ ատրպէյճանական գերիշխանութիւնը ճանչնալու մասին անոր նախորդ յայտարարութիւններուն», ըսաւ Պայրամով:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան ուղերձ մը յղած էր Արցախի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան առիթով՝ ըսելով. «Հիմնազուրկ են Լեռնային Ղարաբաղի՝ որպէս տարածքային միաւոր գոյութիւն չունենալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծուած լինելու մասին բոլոր յայտարարութիւնները, քանի դեռ անբեկանելիօրէն հասցէագրուած չեն ԼՂ հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքների պաշտպանութեան խնդիրները»:
Իսկ հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչո՞ւ չէ շնորհաւորած Արցախի նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը՝ Փաշինեան ըսաւ. «Իրադրութիւնն այնպիսին է, որ շնորհաւորելու շատ բան չկայ էլ: Շատ ծանր պատասխանատուութիւն է դրուած նրա վրայ: Այսօր մենք նաեւ մեր դիրքրոշումները եւ մօտեցումները միջազգային հանրութեան տրամաբանութեան հետ համադրելու եւ չհակադրելու տրամաբանութեամբ պէտք է առաջնորդուենք՝ նաեւ ԼՂում հաստատուած հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամը չքաղաքականացնելու նկատառումով»: