ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 22-26ին, Հայաստանի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին մօտ տեղի պիտի ունենան նախարարութիւններու եւ կառավարութեան առընթեր պետական կառավարման մարմիններու 2006ի գործունէութեան հաշուետուութիւններն ու քննարկումները, ուր նախարարները եւ պետական կառավարման մարմիններու ղեկավարները պիտի ներկայացնեն կառավարութեան 2006ի գործունէութեան ցանկի եւ նոյն որոշումով ճշդուած գերակայ խնդիրներու համաձայն կատարուած աշխատանքները եւ անոնց արդիւնքները:
Ըստ հաստատուած ժամանակացոյցին, Յունուար 22ին հաշուետուութիւններ պիտի ներկայացնեն առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարները եւ մարզական պետական կոմիտէի նախագահը:
Յունուար 23ին պիտի լսուին բնապահպանութեան, փոխադրութեան եւ կապի, ուժանիւթի, տարածքային կառավարման (ներառեալ ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի, Հայաստանի փրկարար ծառայութեան) նախարարութիւններու, անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի, պետական գոյքի կառավարման վարչութեան եւ քաղաքացիական օդափոխադրումներու գլխաւոր վարչութեան տարեկան հաշուետուութիւնները:
Յունուար 24ին հաշուետուութիւն պիտի ներկայացնեն գիւղատնտեսութեան, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները:
Յունուար 25ին պիտի լսուին քաղաքաշինութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու, պաշտպանութեան նախարարութիւններու, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան հաշուետուութիւնները:
Քննարկումները պիտի աւարտին Յունուար 26ին՝ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներու, մաքսային պետական կոմիտէի, հարկային պետական ծառայութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մարզպետարաններու ղեկավարներու ներկայացուցած հաշուետուութիւններով: