ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը կազմած է 7.4 տոկոս՝ տարեսկիզբի 7.7ի դիմաց: Այս մասին յայտնեցին Զբաղուածութեան ծառայութիւն գործակալութեան լրատուական կեդրոնէն եւ նշեցին, որ գործազրկութեան ամենաբարձր մակարդակը արձանագրուած է Լոռիի (17.2%), Շիրակի (16.1%) եւ Սիւնիքի (15.7%) մարզերուն մէջ, իսկ ամենացածը՝ 1.9%, Արագածոտնի մարզին մէջ:
Աշխատանք փնտռողներու թիւը Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ կը կազմէ 108 հազար հոգի, որոնցմէ գործազուրկի կարգավիճակ ունին 87.7 հազարը: Գործազուրկներու ընդհանուր թիւի 71.6%ը կամ 62.8 հազարը կիներ են: Գործազուրկներու թիւի մէջ մեծ է քաղաքային բնակչութեան տեսակարար կշիռը՝ շուրջ 93.4%: Գործազուրկներու ընդհանուր թիւի 14.1%ը ունին բարձրագոյն, 24.7%ը՝ միջին մասնագիտական, 55.6%՝ ընդհանուր միջնակարգ, 5.6%՝ թերի միջնակարգ կրթութիւն: Գործազուրկներու 2%ը 18-22 տարեկան են, 22-30 տարեկանները կը կազմեն 15.8%, 30-50 տարեկանները՝ 66.7%, 50էն բարձր՝ 15.3%, իսկ մինչեւ 18 տարեկանները՝ 0.1%:
Կը շարունակէ բարձր մնալ մէկ տարիէն աւելի գործազուրկներու թիւը՝ 74.3%: