ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը «Microsoft» ընկերութեան հրաւէրով Յունուար 29ին մեկնեցաւ Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպրա՝ մասնակցելու ընկերութեան կողմէ կազմակերպուող Եւրոպայի պետական ղեկավարներու համաժողովին:
Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահէ Գաբրիէլեան, վարչապետի խորհրդական Արա Յակոբեան եւ Բագրատ Ենգիբարեան:
Յունուար 30ի ուշ երեկոյեան նախատեսուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ «Microsoft»ի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ համաձայնագիրը պիտի ստորագրէ Կարէն Ճշմարիտեանը, իսկ «Microsoft»ի կողմէ՝ Պիլ Կէյթս: