Հոկտեմբերի 6ին Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համագործակցութեան պայմանագրի ստորագրութեան արարողութիւն «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» (Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակ) եւ «Մերձմոսկովեան կանանց միութիւն» կազմակերպութիւններու միջեւ։ Պայմանագիրը ստորագրեցին կազմակերպութեանց ղեկավարներ Եուրի Նավոյեանը եւ Նաթալիա Շուպան։
Արարողութեան ներկայ էին Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանը, մերձմոսկովեան քաղաքներու հայկական կազմակերպութիւնների ղեկավարներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սմբատեան ողջունեց հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը եւ ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը: Ան նաեւ «Ռուսիա-Հայաստան տարի»ի Ռուսիոյ տարածքին տեղի ունեցող ծրագիրներուն անդրադարձաւ:
«Մերձմոսկովեան կանանց միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, Մոսկուայի նահանգի նահանգապետի խորհրդական Շուպան ներկայացուց հոն իրականացուող կրթական, մշակութային, առողջապահական եւ այլ ընկերային ծրագիրները ու անոնց մէջ միութեան դերակատարութիւնը։ Միութիւնը մասնաճիւղեր ունի նահանգի բոլոր քաղաքներներւոն մէջ եւ մասնակից է հասարակական-քաղաքական կեանքին ու միջտարածքային եւ միջազգային համագործակցութեան զարգացմանը։
«Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Նավոյեան մատնանշեց համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ յառաջիկայ համատեղ ծրագիրները, որոնք պիտի կեդրոնանան կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական հարցերու վրայ ու պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Մոսկուայի միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ընծայեն հայկական համայնքներու կանաց գործօն մասնակցութեան հասարակական կեանքին։
Մոսկուայի նահանգը ունի մօտաւորապէս եօթը միլիոն բնակիչ, որու մեծ եւ հայահոծ քաղաքներուն մէջ ձեւաւորուած են հայ համայնքներ, կը գործեն մշակութային ընկերութիւններ, կիրակնօրեայ դպրոցներ եւ երիտասարդական միութիւններ։