ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Նախանցեալ շաբաթավերջին, քալիֆորնիահայերուն ուշադրութիւնը կլանող գլխաւոր ձեռնարկները հանդիսացան Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդր. կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին կազմակերպած հրապարակային խիստ հետաքրքրական հանդիպում-զրոյցները՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը հաւաքուած խուռներամ հանդիսականներու, եւ շաբաթ առաւօտուն «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ գաղութահայ մտաւորականութեան հետ նախաճաշ հանդիպումը՝ աշխատանքային այցով Լոս Անճելըս ժամանած ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, տնտեսական յանձնաժողովի փոխնախագահ Արծուիկ Մինասեանի հետ։
Հանդիպում-զրոյցները ձեռնհասօրէն վարեց ԿԿի Հանրային կապի գրասենեակի պատասխանատու Սարօ Նազարեանը, ներկայ բազմութեան աւետելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած թիւ 252 բանաձեւի յաղթական անցքը՝ Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս։ Ներկաներու բուռն ու խանդավառ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ կարեւոր այդ յաղթանակին լուրը։
Գալով շատերուս համար գրեթէ անծանօթ այցելու բանախօսին՝ տնտեսագիտական իր ասպարէզին մէջ բաւական լուրջ յաջողութիւններ ձեռքբերած մէկն էր ան, եւ ինչպէս վերեւը բնորոշեցինք, ազգային ժողովէն ներս տնտեսական ու պիւտճէական յանձնաժողովին փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէ երիտասարդ ընկերը:
Բեմական քարիզմաթիք ներկայութեամբ, խորապէս զարգացած անհատականութիւն մը յայտնաբերեցինք այդ գիշեր, երբ յարգելի բանախօսը բարձրախօսին դիմաց ամբողջ 35 վայրկեան խօսեցաւ Հայաստանի ներկայ ճգնաժամին պատճառ եղող գրեթէ բոլոր հիմնահարցերուն շուրջ՝ առանց վերապահումներու։ Բանախօսը իր վերլուծումները կատարեց անկեղծութեամբ, առանց բառերը ծամծմելու՝ իր եւ իր պատկանած քաղաքական կուսակցութեան դժգոհութիւնն ու վերապահութիւնը յայտնելով Հայաստանի ընկերային ու քաղաքական ներկայ կացութեան հանդէպ, հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները վերագրելով հոն տիրող ընկերային անարդարութեանց, օրէնքի չգոյութեան եւ անթաքոյց կաշառակերութեան ու փտախտին։ Եւ դեռ ամենակարեւորը, ներկայ իշխանութիւններու կողմէ մեծահարուստներուն շնորհուած մոնոփոլական դրոյթին։
Իր խօսքի աւարտին, յարգելի բանախօսը խիզախօրէն պատասխանեց իրեն տրուած հարցումներուն՝ ըլլայ Հորիզոն պատկերասփիւռի կայանէն, ըլլայ զոյգ հաւաքոյթներու միջոցին. յստակօրէն բացայայտեց իր միտքը ու ներկաներուն հասկնալի լեզուով փոխանցեց իր պատգամը։ Անիկա, անելի մատնուած հայ պետականութեան ներկայ տխուր վիճակը վերագրեց ՀՀ նախագահական կեղծուած ընտրութիւններուն, Տէր Պետրոսեանէն մինչեւ օրս։
Որպէս սրտցաւ սփիւռքահայ, փափաքս էր որ յարգելի բանախօսը քաղաքական իր վերլուծութիւնները քիչ մը աւելի խորացնելով՝ ներկաներուն յիշեցնէր, թէ անկախութեան յաջորդող շատ փափուկ ժամանակաշրջանին, ՀՀՇական իշխանութիւնները գործեցին քանի մը կոպիտ սխալներ, որոնք իրենց վնասարար, չըսելու համար կործանարա՛ր հետեւանքը ունեցան, թէ՛ ընտրութիւններ խարդախելու առումով եւ թէ հայրենի պետութիւնը տնտեսապէս ու քաղաքականապէս տկարացնելու առումով։ Եւ առանց երկմտելու կարելի է աւելցնել, թէ սկիզբէն ի վեր այդ սխալները բարոյական անկման ու ընկերային անարդարութիւններու, կաշառակերութեան ու ժողովուրդի անհոգի շահարկման ճամբան հարթեցին։ Մէկ խօսքով, մոնոփոլիզմն ու ալանդալանը սնանեցին այսօրուան փրոթոքոլները։
Կոպիտ սխալ մը գործուեցաւ, երբ երկքաղաքացիութեան դէմ օրէնք սահմանեց Տէր Պետրոսեանի վարչակազմը։ Եւ տակաւին մինչեւ այսօր, իրերայաջորդ երեք վարչակարգեր, խարխափելով չկրցան գործուած ահաւոր, ազգակործան ոճիրին առաջքը առնել։ Այստեղ արդեօք հարկ կա՞յ վերյիշելու պարոն Տէր Պետրոսեանին կողմէ սփիւռքահայութեան հասցէին շպրտուած նախատինքը, երբ զանոնք՝ «նարինջ ուտողներ» որակեց, ամբարտակ ու թումբ կանգնելու, կասեցնելու համար այդ շրջանին սփիւռքահայերու սրտերը հրդեհող հայրենասիրութեան, հայրենաբաղձութեան ու հայրենադարձութեան զգացումները։ Անցեալին երկար գրեցինք փշոտ այս հարցին ու դաւաճանական արարքին մասին, անոր հասցուցած վնասներուն ու կայացման պարագային բերելիք օգտակարութեան մասին։
Ափրիկեան առածին հետեւելով՝ ելանք փիղին գլուխը անփորձ մանուկի մը ուսը բեռցուցինք… երբ Հայաստանի մէջ ունէինք Տէր Պետրոսեանէն աւելի հասո՛ւն, հեռատե՛ս ու հայրենասէ՛ր քատրեր, որոնք վստահօրէն պիտի խորաչափէին երկքաղաքացիութեան բերելիք բարիքները ու պիտի չսարսափէին սփիւռքեան այնպէս կոչուած մրցակցութենէն։ Եւ մտածել, որ սփիւռքին երեսին հայրենիքի դռները շրխտացնողները, այժմ սահմանները բանալով՝ թրքական ահեղ շուկային դէմ մրցելու կ՛ելլեն…
1992ին Երեւանէն Փարիզ ուղեկցութեան ընթացքին, կողքս նստած էր Ֆրանսայի Կարմիր խաչի նախագահը, որուն հետ շահեկան զրոյց ունեցայ։ Անիկա խօսքը Տէր Պետրոսեանին վարչակարգին ուղղելով՝ ուրիշ ճշմարտութիւններու կողքին ըսաւ. «Հայերդ դարձեալ նո՛յն սխալը կը կրկնէք ու թրծուած քաղաքագէտներու փոխարէն, բոլորովին անփորձ մտաւորականներ իշխանութեան գլուխը կը բերէք։ Մարդիկ, որոնք քանի մը ցոյցեր կատարելով ու բանտ նստելով արժանացան այդ պատիւին»։ Ցաւալի ուրիշ նախատեսութիւն մըն ալ ըրաւ զրուցակիցս. «Եթէ կ՛ուզէք ամուր պետականութիւն հիմնել, ամէնէն առաջ հայկական հողէն արմատախիլ պիտի ընէք հոն գործող ահարկու մաֆիան»։
Ներկայ մէջբերումները կը կատարեմ այդ թուականին պահուած հայաստանեան օրագրէս, որուն հետքը կորսնցուցած էի եւ վերջերս յայտնաբերեցի։
Միւս կոպիտ սխալը։
«Ասպարէզ»ի յետանկախութեան թիւերուն մէջ պիտի հանդիպինք այդ օրերուն մեր կողմէ հրապարակ նետուած «Համահայկական Համընկերութիւն» գաղափարին, որ ՀՀՇական նոյն վարչակազմին կողմէ բացարձակ անտեսումի ենթարկուեցաւ։ Երբ այդ առաջարկութիւնը մամուլով Հայաստանի ղեկավարութեան ուշադրութեան կը յանձնուէր, Նիւ Եորքէն մտաւորական ընկեր մը մեզի կը յայտնէր, թէ Իսրայէլեան պետութիւնը, այսինքն միջազգային հրէութիւնը, երկրին անկախութենէն ի վեր նման ծրագիր մը գործադրութեան դրած էր եւ արդիւնքով հրաշքներ կը գործուէր՝ հազարաւոր եկուորներու գործ հայթայթելով ու երկրին տնտեսութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու մարտահրաւէրին պատասխանելով։ Նոյն շրջանին, Երուսաղեմէն, Շահէ արքեպիսկոպոս, Համահրէական համընկերութեան կառոյցին վերաբերող թղթածրար մը կ՛ուղարկէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որ անշուշտ, անպատասխա՛ն կը մնար՝ «Ստացանք» մըն ալ զլանալով հայրենապաշտ հոգեւորականին։ Պատասխանի չարժանացաւ հայրենիքի հզօրացումով մտահոգ բարձրաստիճան հոգեւորականը, որովհետեւ եթէ այդպիսի համընկերութիւն մը սկսէր գործելու Հայաստանի տարածքին, վերջ պիտի դրուէր մոնոփոլիզմի, կաշառակերութեան ու ալանդալանութեան։
1999ին ամառը, երբ համահայկական առաջին համագումարին ճամբով Երեւան կը գտնուէի, «Ճեթ լաք»էն քունս փախած ըլլալով՝ ուշ ժամանակ պանդոկին նստասենեակը գացի պարապելու։ Հոն հրեայի մը հանդիպեցայ. կարգին զարգացած գործարար մարդ մը, որ իսրայէլեան ճատրակի խումբի պատասխանատուներէն էր։ Ծանօթացանք։ Եւ ի միջի այլոց, զինք հարցադրեցի՝ հրեայի մը բերանէն լսելու Համահրէական Համընկերութեան մը գոյութիւնը, եւ անոր բերած ներդրումը ազգակերտման իրենց ճիգերուն։ Հրեան զարմացած հարց տուաւ, թէ ուրկէ՞ ամբարած էի այնքան գիտելիք։ Իրեն կարճ պատմականը տուի մամուլով կատարած առաջարկութեանս եւ այդ հարցին ապագայ զարգացումներուն։
– Այո,- ըսաւ ինծի պէս քունը փախցուցած խօսակիցս,- հայրս ու մեր ընտանիքը տնտեսական հզօր այդ մարմինին նպաստաւորեալներն ենք։ Ու պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Լեհաստանէն գաղթած էին եւ հայրը զսպանակներու փոքր աշխատանոց մը բացած էր Թել Աւիւի մէջ, իսկ համընկերութիւնը զայն հսկայական գործատան մը վերածած էր։ Արդարեւ, համաշխարհային չափանիշով առած՝ երրորդ մեծագոյնը:
Գիտնալով, որ այդպիսի համընկերութիւն մը հրաշքներ կրնար գործել եւ Հայաստանը դարձնել ճարտարարուեստական հզօր երկրի մը, երբ աշխարհի չորս ծագերը իրենց գոյութիւնը հազար զոհողութեամբ պահող հայերուն հայացքը նորանկախ Հայաստանի վրայ սեւեռած էր, եւ անոնք պատրաստ էին մեծագումար ներդրումներ կատարելու բոլորին վստահութիւնը վայելող Համահայկական բաժնետիրական Համընկերութեան կամ «գորփորէյշըն»ին։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, հազարաւոր տեղացի հայեր տնտեսական ճգնաժամի եւ անգործութեան հետեւանքով պիտի չլքէին հայրենիքը՝ գալու իրենց անչափահասները այլասերման երախը նետելու։ Եւ մասնաւորապէս, արդէն գոյութիւն ունեցող մեր գործարանները ռուսերուն ձեռքը պատանդ պիտի չիյնային։
– Իսկ յաջո՞րդ կոպիտ սխալը,- հարց պիտի տայ ընթերցողը. Հայաստանէն Դաշնակցութեան պետին վտարումը, երբ հայրենապաշտ կուսակցութեան ղեկավար Մարուխեանը Հայաստանի նորընտիր նախագահին դիմաց աներկիւղ կանգնելով՝ գրեթէ Կարմիր խաչի ֆրանսացի տնօրէնին ախտաճանաչումը կը կատարէր։ Ատոր հետեւեցաւ Ղարաբաղի ճակատներուն կռուող անձնուրաց անդամներուն ձերբակալումն ու բանտարկութիւնը:
Եթէ երբեք մարդ փորձէ առանց կիրքի ու առանց նախապաշարումի քննարկել ծանրակշիռ այդ արարքներուն դրդապատճառը, պիտի անպայման հասնի իրադրութիւններու ետին թաքնուած անառարկելի ճշմարտութեան։ Կարծէք սկիզբէն, անկախ Հայաստանը դէպի անդունդ ու քայքայում կը գլտորուէր, արգելակները կորսնցուցած գնացքի նման։ Մեր երիտասարդ բանախօսին աներկիւղօրէն մատնանշած Հայաստանը տագնապեցնող «փրոպլեմ»ները, առաջին նախագահին ու անոր գործակիցներուն ձեռքով սերմանուեցան։ Տէր Պետրոսեանի օրօք ցանուածը սկսած է տալու իր պտուղը։ Չենք գիտեր, թէ օտար գաղտնի գործակալութիւնները որոշիչ ինչպիսի՞ դերակատարութիւն ունեցան իր աւարտին հասցնելու համար Հայաստանի անկումը՝ փրոթոքոլներու ստորագրութեամբ։ Քսան տարի առաջ գրուա՛ծ, ծրագրաւորուած էր Հայաստանը տկարացնելով զայն փանթուրքիզմի ճիրաններուն յանձնելու սցենարը։
ՀՀՇականներուն աւերը այդքանով չսահմանափակուեցաւ։ Իրենց բոլոր մեղքերուն վրայ, Սփիւռքն ալ պառակտեցին՝ հայրենապաշտ մեր կուսակցութիւնները կոտորակելով ու եղբայր եղբօր դէմ հանելով:
Եթէ նկատառելի թիւով սփիւռքահայեր, անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստան հաստատուէին եւ Համահայկական Համընկերութեան հզօրացումով տնտեսա-քաղաքական ու բարոյական ուժ դառնային, գուցէ մեր ժողովուրդին խնայուէր անգործութիւնը, հայրենի հարստութեան ալանդալանը, կաշառակերութիւնը եւ յատկապէս՝ մեզի խնայուէր սա ֆութպոլային կոչուող փրոթոքոլներով ու մոնոփոլներով յատկանշուող ազգային աղէտը։
How can we expect that BAD guys do Good to Nation ? They are BAD , dont they?
It easy to sit OUTSIDE and say Some BAD guys misleading our Nation’s Destiny .
French did not expect somebody else to take care of thier Problems ,they did it themselves.
The same did Jews .
CHARENTZ say ” O’ Armenian Nation, your only Salvation is in your Collective Power .