Հրապարակագիրը ան է, որ իր մտքի ու սրտի զարկերուն կշռոյթը համաչափ կը պահէ իր շրջապատին, իր ժողովուրդին բազկերակին հետ, քայլ առ քայլ կը հետեւի հաւաքականութիւնը յուզող երեւոյթներու եւ զարգացումներու, անոնք ըլլան քաղաքական, ընկերային, գրական-մշակութային թէ այլ, անոնց իր գրիչով կ՚արձագանգէ՝ մեկնելով յստակ սկզբունքներէ, անշեղ հայեցակէտէ, դրականին կու տայ իր գնահատականը, սխալին ու դատապարտելիին՝ իր գրիչին հարուածը։
Հրապարակագիրը կը յայտնուի օրը օրին, հանգրուան առ հանգրուան, նայած անոր ընծայուած դաշտին՝ օրաթերթ կամ պարբերական։ Անոր խօսքն ու դատողութիւնը իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն անմիջականօրէն, կրնան արձագանգներ գտնել, բանավէճերու դուռ բանալ, սակայն նկատի ունենալով մամուլի հեւքն ու մանաւանդ պատմութեան թաւալումին յարդարող գլանը, անոր գրիչին արգասիքը յաճախ կը դալկանայ ժամանակի սահանքին հետ, մինչեւ անգամ կացութիւններ ու արծարծուած հրատապ հարցեր մոռացութեան գիրկը կ՚իյնան։ Օր մըն ալ, մամուլի էջեր պրպտող անհատ ուսումնասիրող մը կրնայ դարձեալ հանդիպիլ «հին գրութիւններուն», յիշել-ծանօթանալ մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալի իրավիճակներու, սակայն անկէ անդին, խնդրոյ առարկայ հրապարակագիրին վաստակին այս կամ այն երեսը կրնայ հպատակիլ ժամանակ-գլանին պարտադրանքին։
Մեր մօտ հազուադէպ են այն պարագաները, երբ մտաւորականի մը հրապարակագրական արտայայտութիւնները անոր կեանքի օրերուն կը հաւաքուին մէկ )կամ մէկ քանի( կողքի տակ. )անվերադարձ մեկնողներու պարագային, քիչ մը աւելի բախտաւոր ենք(։ Նման պարագայի, ընթերցողին աչքին առջեւ կը պատկերանայ տուեալ հրապարակագիրին ամբողջական դիմագիծը, կամ գոնէ դիմաստուերը, անոր գրիչի կեանքին ընդարձակ մէկ ժամանակահատուածը. ընթերցողը կը տեսնէ, որ ան իր ասպարէզի առաջին օրէն սկսեալ հետեւած է յստակ ուղեգիծի, նոյն արիութեամբ արտայայտուած է տարբեր երեւոյթներու մասին, փոփոխութեան չէ ենթարկած իր դատողութեան ու գործածած կշիռքին սկզբունքները, եւ այդպէսով իսկ կերտած է արժէքաւոր վաստակ, պարտադրած է յարգանք մինչեւ անգամ անոնց՝ որոնք զանազան պատճառներով համակարծիք չեն եղած իրեն ու առիթ ունեցած են բանավէճի մէջ մտնելու իրեն հետ։
Նման հրապարակագիր մըն է դաշնակցական հրապարակագիր մը՝ Պօղոս Սնապեան, որ սփիւռքահայ մեր մամուլին մէջ ունի աւելի քան կէս դարու վաստակ։ Ան մաս կը կազմէ հազուագիւտ բախտաւորներու այն փաղանգին, որոնք իրենց կենդանութեան հատորով մը ի լոյս կ՚ընծայեն իրենց հրապարակագրական գրութիւններու հաւաքածոները։ Չենք մոռնար Պ. Սնապեանի գեղարուեստական գրականութիւնը, որ կը հաշուէ բազմաթիւ հատորներ, սակայն այս սիւնակներով կ՚ուզենք վեր առնել անոր հրապարակագիրի արժանիքն ու վաստակը, իբրեւ շարժառիթ օգտագործելով անոր «Կրկէսին մէջ – Հատոր Երրորդ» հաւաքածոն, որ լոյս տեսած է 2005ին, Երեւան, կրկնակ բախտաւորութիւն մը՝ գրողին համար, որովհետեւ անիկա կատարուած է իր որդւոյն մեկենասութեամբ…
Շուրջ քառասնեակ մը գրութիւններու մէկտեղումն է «Կրկէսին մէջ – Գ.»ը, կ՚ընդգրկէ ուշ 50ական տարիներէն մինչեւ 2005 թուական երկարող տարիները։ Արժէր իւրաքանչիւր յօդուածի անդրադառնալ մանրամասնօրէն, սակայն ատիկա պիտի նշանակէր… մենագրական հատոր մը կազմել գիրքին մասին։
Ընթերցողը դժուարութիւն պիտի չունենայ գրողին բազմաթիւ – թէեւ ոչ համապարփակ – արժանիքները գտնելու այս հատորի էջերուն։ Անիկա ունի մա՛նաւանդ վաւերագրական արժէք, որովհետեւ գրութիւններուն մեծ մասը կը տարածուի արդէն պատմութեան անցած ժամանակաշրջանի մը վրայ, այն օրերուն՝ երբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կամովի ու հարկադրաբար հակադաշնակցական քարոզչութիւն տեղի կ՚ունենար անուանի ու լուսանցքային հեղինակներու-հեղինակութիւններու կողմէ )եւ Սնապեան հաւասարապէս կը ձաղկէ անուանարկողներու երկու տեսակն ալ, թէեւ միշտ ալ խուսափելով իջնելէ անմակարդակ բանավէճի աստիճանին(, հետեւաբար նաեւ արտայայտութիւն մըն է երկար ժամանակի վրայ տարածուած դաշնակցական մտածողութեան, ջուր խմելով զինք կանխած վաստակաշատ գաղափարակիցներու աղբիւրէն, քայլ պահելով ժամանակակից այլ հրապարակագիրներու հետ։
Հատորին գրութիւնները ընդհանուր առմամբ դասաւորուած են ժամանակագրական տուեալը նկատի առած, սակայն, ինչպէս հեղինակը կը նշէ հատորը բացող իր կարճ բացատրականին մէջ՝ նաեւ այդ սկզբունքը խախտած է երբեմն, երբ իրերանման հարցերու տարբեր ժամանակներու իր արձագանգումները զետեղած է իրարու մօտ։
Աւելորդ է խօսիլ Պ. Սնապեանի վճիտ հայերէնին, կրքոտ վիճողի եւ նմանօրինակ արժանիքներուն մասին, որոնք նախադրեալ են ոեւէ հայ հրապարակագիրի համար, եւ որոնց ջատագովն է եղած բանիւ ու գործով՝ իր ողջ ասպարէզին ընթացքին։ Սակայն անհրաժեշտ է վեր առնել որոշ գիծ մը, որ գունաւոր թելի մը պէս կ՚անցնի բոլոր գրութիւններուն հէնքէն ու կը կազմէ այս հատորին – նաեւ հրապարակագիրի իր ասպարէզին – ամէնէն գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը։ Ո՛չ երիտասարդութեան տարիներուն, ոչ ալ հասուն տարիքին, գրողը չէ երկմտած, իբրեւ իր կուսակցութեան պաշտպան մէկ պահակը՝ հարուածելու եւ մերկացնելու բոլոր անոնք, որոնք արտաքին պարտադրանքներու տուրք տալու կամ ինքնեկ մղումով, փորձած են վարկաբեկել Դաշնակցութեան գործը եւ դաշնակցական մտաւորականը։ Օրինակի համար, յարգելով հանդերձ հռչակաւոր Վահրամ Փափազեանի նման դերասանի մը բեմական արժանիքները, ան չէ երկմտած հարուածելու անոր հակադաշնակցական արտայայտութիւնները, կամ՝ մերկացնելու խորհրդային իշխանութեանց օրով դաշնակցական գրողներու գրիչի արտայայտութեանց խեղաթիւրումներն ու մեղաւոր մկրատումները։ Թուելու համար միայն քանի մը անուն՝ արձանագրենք Հրաչեայ Քոչարի, Կոստան Զարեանի, Նայիրի Զարեանի, Գէորգ Էմինի, նաեւ՝ նուազ անուանի գրչակներու հակադաշնակցական քարոզչութեանց հակաճառութիւնը, ապա նաեւ Շուշանեանի, Սիւրմէլեանի ու Իսահակեանի պէս գրողներու կարգ մը գործերուն խեղաթիւրեալ ներկայացուցմներուն մերկացումը։
Հրապարակագիր Պ. Սնապեանի գրիչը տարբեր դիրք չէ ցուցաբերած Սփիւռքի մէջ կատարուած խեղաթիւրումներու, բանագողութիւններու եւ քարոզչական արշաւներու հանդէպ, որոնք նոյնպէս ներշնչուած են Դաշնակցութեան հակադրուելու ու զայն անուանարկելու տրամադրութիւններէ։ Այս բոլորը կատարուած են, ինչպէս նշեցինք արդէն՝ օրը օրին, իրենց ժամանակին մէջ, անմիջականութեամբ մը, որ զգօնութեան հրաւէր էր անցեալին, զգօնութեան հրաւէր կը մնայ մինչեւ այսօր։ Որովհետեւ, կարդալով այդ էջերը, ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, որ Պ. Սնապեան պաշտպանը չէ միայն սոսկական կուսակցութեան մը, այլ ան պատրաստ է, առանց չափի զգացողութենէն դուրս գալու՝ պայքարելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք մեր ազգային արժէքներն ու պատմական իրողութիւնները կը փորձեն նսեմացնել, խեղաթիւրել նաեւ այսօր, հրապարակագրութիւնը կամ գաղափարական այլապէս բնական պայքարը կը պարպեն իրենց իմաստէն, զայն կը վերածեն ինքնանպատակ – հետեւաբար նաեւ անարժէք- քարոզչութեան։
Հատորին արժանիքներէն մէկն ալ՝ հրապարակագրութեան մասին իրողական դասընթացք մը ըլլալու անոր հանգամանքն է, որովհետեւ Պ. Սնապեան իր տեսակէտներն ու հակաճառութիւնները չէ առաջնորդած մակերասայնութեամբ ու ընդհարութիւններու մէջ մնալով, այլ կատարած է անհրաժեշտ պրպտումը, յառաջ բերած՝ փաստացի գրութիւններ, ի հարկին վերադառնալով մինչեւ իր կեանքի ժամանակէն տասնամեակներ առաջ լոյս տեսած թերթերու էջերը, անոնցմէ քաղուած փաստերը՝ բաղդատական գրութիւններով ու էջերով, դրած է ընթերցողին աչքերուն առջեւ, յաճախ թզենիի տերեւէ մ՚անգամ զրկելով խեղաթիւրողն ու զրպարտողը։ Հոս արդէն ականատես կ՚ըլլանք այս գրողին հմտութեան ու հարուստ պաշարին, որ գրական-քաղաքական հարցերու մասին կը հասնի համայնագիտարանային տարողութեան։
Անոր ոճը ընդհարնապէս լուրջ է ու հատու, սակայն նաեւ երբեմն համեմուած է երգիծանքով, որ նոյնքան հատու է ու խարանող։
Ըսինք, որ հատորը նախ եւ առաջ վաւերագրական արժէք ունի եւ կրնայ իբրեւ սկզբնաղբիւր ծառայել իր ընդգրկած ժամանակաշրջանը պրպտող-ուսումնասիրողներու համար։ Անիկա նաեւ ազնիւ կիրքի արտայայտութիւն է ու զայն կարելի է կարդալ… քանի մը շուչով։