Մօտ օրէն Լոս Անճելըս պիտի այցելէ լիբանանահայ պատմաբան եւ դաստիարակ Զաւէն Մսըրլեան (երկարամեայ տնօրէն Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլէճի), որ հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ծագումէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթով: Այս այցելութեան առիթով, տեղի պիտի ունենայ նաեւ Զ. Մսըրլեանի ի պատիւ մեծարանքի երեկոյ:
Դասախօսական ձեռնարկը կազմակերպուած է «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2007ի երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, 222 E. Harvard: Մուտքը ազատ է:
Նաեւ, կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ Զաւէն Մսըրլեանի մեծարանքի երեկոյ՝ Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2007ի երեկոյեան ժամը 8ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, Փասատինա (2495 E. Mountain, հեռ.- 626/794-7942):
Երեկոն կազմակերպուած է իբրեւ յարգանք Զաւէն Մսըրլեանի հասարակական եւ մտաւորական գործունէութեան: Խօսք պիտի առնեն Ժանէթ Քասունի, Փանոս Թիթիզեան եւ տոքթ. Վիգէն Ահարոնեան: Ձեռնարկը պիտի վարէ տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան: