Պոլսահայ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտումի ալիք ստեղծեց նաեւ համահայկական տարողութեամբ՝ պետական-պաշտօնական, թէ քաղաքական շրջանակներէ ներս:
Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարեց. «Մենք խորապէս ցնցուած ենք թուրքահայ ականաւոր գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութեան գոյժով. մի մարդ, ով իր կեանքը ապրել է հաւատալով, որ հնարաւոր է հասկացողութիւնը, երկխօսութիւնը ու խաղաղութիւնը ժողովուրդների միջեւ:
«Մենք խստօրէն դատապարտում ենք արարքը՝ անկախ հանգամանքներից, եւ կոչ ենք անում Թուրքիայի իշխանութիւններին իսկապէս անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել բացայայտելու սպանութեան պատճառներն ու պատուիրատուներին»:
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԸ»
Այս խորագիրով դատապարտումի յայտարարութիւն հրապարակեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան ըսաւ. «Մենք կը դատապարտենք այս ատելավառ սպանութիւնը: Երկրի մը մէջ, ուր կրթական համակարգը եւ քաղաքական մշակոյթը իր ոչ թուրք քաղաքացիներուն դէմ ատելութեամբ կը դաստիարակէ հանրային կարծիքը, ուր ցեղապաշտութիւնը սանձարձակ կ’արշաւէ ծայրայեղ աջակողմեան կազմակերպութիւններու մօտ, այս ոճիրը տխուր յիշեցում մըն է, որ կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ շատ հեռու է փոխուելէ: Այս անարգ ոճիրը անգամ մը կը փաստէ, որ ցեղապաշտութիւնը խոր արմատներ ունի Թուրքիոյ մէջ»:
Չոպոյեան աւելցուց, որ այս բացայայտ ոճիրին նպատակն է թրքահայ համայնքը սարսափի մէջ պահել: «Նաեւ կ’ուզենք յայտնել, որ թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ փորձ, որ կը միտի այս սպանութեան դէմ հրապարակային արտայայտութիւններ կատարել, պարզապէս կը ձգտի Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ իբրեւ թէ ազատական մթնոլորտին մասին դրական պատկերացում ստեղծել եւ առ այդ՝ ինքնին շնական մօտեցում է: Լաւ կ’ըլլայ, որ թրքական իշխանութիւնները հեռու մնան նման աժան պատեհապաշտութենէ, որ ոչ մէկ ընդունելութիւն կրնայ գտնել Եւրոպայի մէջ»:
Հաղորդագրութիւնը դիտել կու տայ նաեւ, որ Թուրքիոյ պետական պաշտօնական վարքագիծին տարակարծիք եղողներուն մէջ, ոճիրի թիրախ կը դառնայ հայ անհատ մը եւ կ’աւելցնէ. «Թրքական պետութիւնը անուրանալի կերպով կը կրէ այս ոճիրին պատասխանատուութիւնը պարզ այն փաստով, որ կը պահէ պատժական օրէնքի 301րդ եւ 305րդ յօդուածները»:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
Դատապարտումի հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, որու Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան դիտել տուաւ ըսելով՝ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ողբերգական փաստ մըն է, որ թրքական կառավարութիւնը իր ուրացման, սպառնալիքներու եւ սարսափ ազդելու վարքագիծով կը շարունակէ հրահրել նոյն ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, որ ի վերջոյ յանգեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան»:
Համբարեան շարունակեց ըսելով, որ «դժբախտաբար թրքական կառավարութիւնը կրնայ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մեծ մասամբ շնորհիւ մեղսակցութեան նաեւ ամերիկեան վարչակազմին, որ Թուրքիոյ պնդումով, կը գործէ ընդդէմ Քոնկրէսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին եւ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Ռիչըրտ Հոկլընտը կ’առաջադրէ Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին: Այսօրուան ոճիրը արթնութեան կոչ մըն է Ամերիկայի եւ համաշխարհային հանրութեան, որ պէտք է միասնաբար պայքարիլ միանգամընդմիշտ վերջ տալու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու թրքական կառավարութեան վարքագիծին»:
«ԹՈՒՐՔԻԱՅՈՒՄ ՉԿԱՅ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…»
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Նոյեան տապան» գործակալութեան յայտարարեց, որ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ցոյց է տալիս, որ Թուրքիայում չկայ հանդուրժողականութիւն նոյնիսկ այնպիսի մտաւորականների ու կարծիքների հանդէպ, որոնք հետապնդում են հէնց Թուրքիայի շահերը»:
Կ. Մանոյեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան անունով դատապարտեց սպանութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Տինքի հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Դատապարտումի յայտարարութիւն կատարեց նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի թրքագէտներէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, որ ըսաւ, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակի տրամաբանական հետեւանքն է: «Լայնածաւալ պետական քաղաքականութեան արդիւնքում ծաւալուած պատմութեան զեղծարարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման արշաւը հակահայկական մոլեգնութեան մթնոլորտ է ստեղծել: Այդ քաղաքականութեան առաջին զոհը դարձաւ Հրանդ Տինքը», ընդգծեց Սաֆրաստեան: