ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2008ի Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ դատաւորներու միջազգային միութեան տարեկան 51րդ համաժողովը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 400 դատաւորներու մասնակցութեամբ: Այս մասին յայտնեց Վճռաբեկ դատարանի մամուլի քարտուղար Ալինա Ենգոյեանը:
Ըստ նոյն աղբիւրի, հերթական համաժողովին մասին որոշումը ընդունուած է Սեպտեմբեր 23-27ին, Նորվեկիոյ Թրոնտհէյմ քաղաքին մէջ գումարուած դատաւորներու միջազգային միութեան 50րդ տարեկան համաժողովին: 51րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը իրենց երկիրին մէջ գումարելու դիմումնագիր ներկայացուցած էին Հայաստանի, Սպանիոյ, Ռումանիոյ, Մարոքի եւ Ղազախստանի դատաւորներու միութիւնները:
Հայաստանի դատաւորներու միութեան պատուիրակութիւնը Թրոնտհէյմի համաժողովին կը մասնակցէր միութեան նախագահ, Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանի նախագահ Հրաչիկ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ Հայաստանի դատաւորներու միութիւնը յիշեալ միջազգային կազմակերպութեան 68րդ միութիւնը դարձած է 2005ի Նոյեմբերին Մոնթէվիտէոյի 48րդ համաժողովին: