ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 12ին արդարադատութեան խորհուրդը պիտի հրապարակէ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Պարգեւ Օհանեանի նկատմամբ յարուցուած կարգապահական վարոյթի գործով որոշումը:
Յիշեցնենք, որ դատական բաժանմունքի ուսումնասիրութեան հիման վրայ խորհուրդի կարգապահական յանձնաժողովը յարուցած էր կարգապահական վարոյթ: Յանձնաժողովի եզրակացութեամբ, 20 գործերով՝ 16 քրէական եւ 4 քաղաքացիական գործերով ընդունուած դատական որոշումներուն մէջ դատաւորը օրէնքի «ակնյայտ եւ կոպիտ» խախտումներ կատարած է:
Քննարկման երկրորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 27ին, արդարադատութեան խորհուրդը լսեց Պարգեւ Օհանեանին եւ փաստաբան Հայկ Ալումեանին բացատրութիւնները եւ ապա դատարանի կարգավիճակով հանդէս եկող արդարադատութեան խորհուրդը (կազմուած է 13 անդամէ) հեռացաւ խորհրդակցական սենեակ: