ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի ընթացքին Պրազիլի մէջ պիտի բացուի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, իսկ Պաթումի մէջ՝ գլխաւոր հիւպատոսութիւն: Այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան եւ նշեց, որ 2007ին Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնեաներու թիւը պիտի աւելնայ երկուքով:
Կը քննուի նաեւ Պուտափեշտի մէջ հիւպատոսական կէտ ունենալու հարցը:
Նշենք, որ Հայաստան 40է աւելի ներկայացուցչական կէտեր ունի աշխարհի մէջ:
Յառաջիկային Ուաշինկթընի մէջ բացումը պիտի կատարուի նաեւ Հայաստանի առեւտրական ներկայուցուցչութեան: