ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Համատեղութեան կարգով Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Շուգարեան Յունուար 22ին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոս Ա.ին:
Նոյն օրը Ռուբէն Շուգարեան հանդիպումներ ունեցած է Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, ուր քննուած են հայ-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ փուլը, ԵԱՀԿ նախագահութիւնը ստանձնած Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ Անխէլ Մորաթինոսի յառաջիկային նախատեսուող տարածաշրջանային այցի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատան բացման հետ կապուած խնդիրներ:
Հանդիպումներու ընթացքին դեսպանը ներկայացուցած է նաեւ «Եւրոպա՝ նոր հարեւաններ» ծրագիրի շրջանակով Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի բանակցային ներկայ փուլը եւ ընթացքը: