
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքի տարեկան վեցերորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որ պիտի սկսի Շաբաթ, 25 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին, առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, որուն պիտի յանձնուի հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան մրցանակը, բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու անոր գործունէութիւնը գնահատելու համար:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Լեկըսի» սրահին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ բաժանմունքը ուրախ է մեծարելու դոկտ. Մուրատեանը, դրուատելով նաեւ աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւանց եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան համար անոր տարած յատկանշական ջանքերը։
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավարն է եւ դասախօս է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ: Ան հեղինակն է Միշիկընի նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած «Դիմադրութեան Ցանցը» («The Resistance Network») հատորին, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք փրկարար աշխատանքներ կատարած մարդասիրական գործիչներու, աւետարանիչներու եւ դիւանագէտներու ցանցի գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել հարիւր հազարաւոր հայորդիներ։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած է: Ան դասախօսած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին, Ուուսթըրի նահանգային համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Ան եղած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին մէջ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգողը: Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, հայ մշակոյթի ու քաղաքական կեանքի, Միջին Արեւելքի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ու միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ լոյս տեսած յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գիրքերու հատուածներ: Մուրատեան 2007-2014 տարիներուն եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիրը եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու:
«Այս օրերուն, երբ հայութիւնը կարիքը ունի մտաւորականներու, որոնք կրնան ստեղծել հայութեան իրաւանց պաշտպանութեան իրաւական, տեսական, քաղաքական եւ իմաստասիրական հիմքերը, դոկտ. Մուրատեան անոնցմէ է, որ կրնայ գոցել այդ բացը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքը պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան մրցանակը հաստատած էր՝ մեծարելու համար «նորօրեայ Մովսէս Խորենացի» որակուած հեղինակաւոր պատմաբանը, որ մօտաւորապէս 50 տարի դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Ան հեղինակն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած քառահատոր աշխատասիրութեան եւ շարք մը այլ հատորներու, ինչպէս նաեւ համալսարանին մէջ կազմակերպած է գիտաժողովներու շարք մը՝ նուիրուած պատմական Հայաստանի քաղաքներուն եւ նահանգներուն: Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու, որոնց կարգին՝ Գարեգին Ա. եւ Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներէն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն։
Ձեռնարկին մասնակցելու տոմսերը ապահովելու համար այցելել կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին: