Այո՛, չզարմանաս այս վերնագիրին համար: Ինչպիսի՛ մայր ալ ըլլաս, դուն լաւագոյն մայրն ես քու զաւակներուդ համար: Որեւէ ժամանակ, երբ կը կասկածիս մայրական արարքի մը կամ կեցուածքի մը ճշգրտութեան, բնազդիդ դարձիր միայն: Հոն պիտի տեսնես լաւագոյնը ու ամէնէն մաքուրը, որովհետեւ անիկա սիրով լեցուած է եւ հետեւաբար ճի՛շդ է:
Մայրութիւնը եւ առհասարակ ծնողական արուեստը հագուստ մը չէ, որ մէկ չափով պատրաստուած է ու բոլորին ալ կը յարմարի: Հաւանաբար այն ձեւը, որ կը նպաստէ ու կը ծառայէ մօր մը, ուրիշին համար շատ անյարմար ըլլայ եւ փոխադարձաբար: Անշուշտ շատ կարեւոր է գիտնալ ու կարդալ զանազան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին, որոնք կը խօսին դաստիարակութեան եւ ծնողական պարտաւորութիւններուն մասին: Այս բոլորը կարդալով սակայն անհրաժեշտ է որդեգրել այն մէկը, որ կը համապատասխանէ մեր նկարագիրին եւ ճաշակին: Անընդհատ նոր «ձեւեր» փորձելով մեր զաւակին դաստիարակութեան համար, շատ վնասած կ’ըլլանք անոր՝ շուարեցնելով եւ միաժամանակ՝ շուարելով: «Այս մայրը այսպէս կը փորձէ եւ շատ լաւ կը յաջողի, ես ալ փորձեմ», ըսելով երբեք չենք կրնար ճիշդ տեղ հասնիլ: Ինքնավստահ եւ վստահելի կեցուածք ցուցաբերենք մեր մայրական բնազդին նկատմամբ եւ երեխաները աւելիով կը հանգստանան ու կը խաղաղին իրենց ընթացքին մէջ:
Ընդհանուր առմամբ հետեւեալ ընդհանրական ձեւերը կրնան նպաստել ձեր առաքելութեան ու մայրութեան աշխատանքին:
Երբեք մի բաղդատէք ձեր կատարածը ուրիշին հետ: Ընկերուհի մը կրնայ ըսել, թէ «Ինչպէ՞ս դուն քու զաւակներուդ փափաքածը չես եփեր եւ քու ուզածդ կու տաս անոնց: Ես անպայման իրենց ուզածը կ’եփեմ»: Այս մէկը թող չտագնապեցնէ ձեզի: Դուք համոզուած էք ձեր կատարածին եւ կը հաւատաք, թէ այդ մէկը լաւագոյնն է ձեր զաւակին համար, ուրեմն այդ մէկը ճիշդ է: Այս մայրը կատարեալ է, կամ այն մայրը կատարեալ է, նման բան գոյութիւն չունի: Կրնայ մայր մը մարզի մը մէջ լաւ վերաբերմունք ունենալ եւ միւս մայրը ուրիշ մարզի մէջ կատարեալ ըլլալ: Բացարձակ ճիշդ ու սխալ հաստատումներ ալ գոյութիւն չունին:
Դաստիարակութեան արմատները պեղեցէք: Անշուշտ, շատ դժուար է այս մէկը: Գիտնալ իւրաքանչիւր կեցուածքի արմատը եւ ճիշդ կամ սխալ զայն ճանչնալ ու շարունակել կամ փոխել ու աւելի լաւը որդեգրել: Անշուշտ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացած դաստիարակութեան ձեւն է, որ կ’որդեգրէ մեծ տոկոսով: Անոր մէջ երբեմն սխալներ ալ կան, որ չենք ուզեր կատարել, որովհետեւ մենք ցաւ զգացած ենք անկէ: Ուրեմն այս պարագային շուտ ձերբազատուիլ անկէ ու անմիջապէս ճիշդը որդեգրել: Բնական է, որ երկար տարիներ ծնողքին հետ ապրելով այդ ձեւը բնական ու հարազատ կը թուի մեզի, սակայն հարկ է քննութենէ անցընել այդ մեթոտն անգամ, որպէսզի նոյն թերիները երկրորդ կեանքի մը մէջ չկրկնուին:
Գնահատէ քու որդեգրած դաստիարակութեան ձեւդ եւ հետեւիր քու կատարածներուդ: Բարկանալու պարագային երբ կը զգաք, որ պիտի բարձրանայ ձեր ձայնը, անմիջապէս հակառակը գործեցէք ու հանդարտեցէք: Ձեր հանդարտութիւնը ինքնաբերաբար երեխային ալ պիտի անցնի ու այդ հանդարտութիւնը ձեր յաղթանակը համարեցէք ու տօնեցէք այդ պահերը, որովհետեւ իսկապէս արժանի էք անոր:
Ձեր երեխային իւրայատկութիւնը ընդունեցէք ու ըստ այնմ վարուեցէք: Ամէն անգամ, երբ երեխայիս սխալները պիտի սրբագրեմ, կը յիշեմ մօրս խօսքերը եւ հանդարտ ձայնը, որ ինծի միշտ իւրայատուկ զգացուցած էր այդ ձեւով: Ան միշտ իր քաջալերական խօսքերով ու հանդարտութեամբ իսկապէս իւրայատուկ ձեւով վարուած էր ինծի հետ եւ ես ալ կը փորձեմ նոյն հանդարտութեամբ, թէեւ միշտ չեմ յաջողիր, այդպէս վերաբերիլ երեխաներուս հետ:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Մարդիկ վարող ուժերը երկուքն են.- Ապրելու տենչը եւ գիտնալու տենչը, զգացում եւ հետաքրքրութիւն, սէր եւ գիտութիւն: Կեանքի տրամը այս երկու ուժերուն բախումն է, պայքարն է, զոր մենք կը մղենք մերթ մէկուն, մերթ միւսին դէմ:
Ռեմի Տը Կուռմոն
Հաճոյքով կրած նեղութիւնները կը դադրին նեղութիւն ըլլալէ:
Ա. Տը Վինյի
Սէրը չի կրնար խորունկ ըլլալ, եթէ անբիծ չէ:
Օկիւսթ Քոնթ
Ամէնէն հզօր միտքը այն է, որ տկարութիւնները կը ճանչնայ:
Լամընէ
Ներել ստացած հայհոյանք մը, կը նշանակէ սեփական ձեռքով բուժել սրտիդ վէրքը:
Ս. Վենսան Տը Փօլ
Ազնիւ մարդը այն է, որ ժպիտով մտիկ կ’ընէ այն ապուշաբանութիւնները, որ ուրիշները կ’ըսեն իր շուրջը:
Մորիս Պոննէ
Երբ մարդ ուրիշին թերութիւններով կը զբաղի, կը նշանակէ, թէ իր թերութիւններով բնաւ չի զբաղիր:
Սէն Ֆրանսուա Տը Սալ
Սիրազուրկ տուն մը տուն կրնայ համարուիլ միայն այնքան, որքան հոգեզուրկ մարդ մը:
Գիրք Առաքելոց
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Քարիտէսով (Shrimp) Ու Լոլիկով Աղցան
6 հոգիի համար
Սննդագիտական գիտելիքներ
1 հոգիի համար. 200 ջերմուժ, 13 կրամ շաքարեղէն, 156 միլիկրամ քոլեսթերոլ, 585 միլիկրամ սոտիում
Բաղադրեալներ
2 ա. դգալ ձիթաիւղ
2 ա. դգալ կարմիր գինիի քացախ
3/4 թ. դգալ աղ
1/4 թ. դգալ սեւ պղպեղ
1/2 գաւաթ մանրուած ազատքեղ
1/4 գաւաթ մանրուած անանուխ
1 փաունտ կեղուըուած ու եփուած մեծ քարիտէս
4 հատ մեծ հասուն լոլիկ, խոշոր ջարդուած
4 հատ վարունգ, խոշոր ջարդուած
1 հատ շերտուած կարմիր փոքր չափի սոխ
1/2 գաւաթ փշրուած ֆէթա պանիր (մօտաւորապէս 2 օզ.)
Պատրաստութեան Կերպը
Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք քացախը, ձէթը, աղը, պղպեղը, ազատքեղն ու անանուխը:
Աւելցուցէք քարիտէսը, լոլիկը, վարունգը եւ լաւ խառնեցէք: Աղցանը պատրաստ ըլլալէն ետք վրան ցանեցէք փշրուած ֆէթա պանիրը եւ անմիջապէս հրամցուցէք կամ սառնարանը պահեցէք քանի մը ժամ եւ ապա հիւրասիրեցէք: