
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի «Հայ Կին» միաւորին, Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։30էն սկսեալ, ՀՄԸՄի կեդրոնին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104) տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի ՀԲԸՄի «Հայ Կին»ի Ստեփանակերտի կեդրոնին։
Ելոյթներ պիտի ունենան Գայիանէ Ղազարեան, Մերի Պասմաճեան եւ Նունէ Աւետիսեան, իսկ մասնակցութեան սակը 65 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար դիմել agbuhyegeen@gmail.com հասցէին կամ (818) 731-5456 թիւին։