ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններուն մէջ բռնկուած հրդեհները, ԵԱՀԿի գնահատող առաքելութեան բնորոշումով, բնապահպանական աղէտ են: Այս մասին ըսուած է կառոյցի՝ Յունուար 17ին հրապարակած զեկոյցին մէջ:
2006ի Սեպտեմբեր 7ին ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին որոշուած էր հրդեհներու շրջան ուղարկել ԵԱՀԿի, ՄԱԿի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փորձագէտներու խումբ մը, որմէ յետոյ ԵԱՀԿ նախագահը համապատասխան զեկոյց ներկայացուցած էր ՄԱԿ: