ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 11ին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախօրօք կայացած համաձայնութեամբ, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դիտարկում կատարեց ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի բանակներու շփման գիծի Աղդամի ուղղութեամբ՝ Եուսիֆջանլի բնակավայրի մերձակայքը:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը կատարեցին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Փիթըր Քի (Մեծն Բրիտանիա), Կիւնթըր Ֆոլք (Գերմանիա) եւ Միրոսլաւ Վիմեթալ (Չեխիա):
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ դիտարկումը կայացած է նախատեսուած ժամանակացոյցին համապատասխան, եւ խախտումներ չեն արձանագրուած:
Ղարաբաղեան կողմէ դիտարկման առաքելութեան կ’ուղեկցէին ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները: