ՎԻԵՆՆԱ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի համար ուշադրութիւն պահանջող մարտահրաւէրներէն են Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «սառեցուած հակամարտութիւնները», նշեց ԵԱՀԿ նոր գործող նախագահ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ Անխէլ Մորաթինոս Յունուար 11ին, ԵԱՀԿ մնայուն խորհուրդի նիստի ընթացքին:
ԵԱՀԿը Սպանիոյ նախագահութեան ընթացքին ջանք կը գործադրէ հակամարտութիւններու բոլոր կողմերու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատել: «Այս հակամարտութիւնները մարդկանց միջեւ պատեր են կառուցել՝ բաժանելով միմեանցից, դրանք պէտք է քանդուեն: Կայուն լուծման հասնելու համար մենք պէտք է միջամտենք՝ ապահովելու առաջընթացի ծանրակշիռ ելակէտ», ըսաւ ԵԱՀԿ գործող նախագահը:
Մորաթինոս նշեց նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, կենսոլորտի պահպանութիւնը, գործակցութեան եւ երկխօսութեան հաստատման գործին մէջ ԵԱՀԿի դերի ուժեղացումը պիտի ըլլան կազմակերպութեան 2007ի առաջնահերթութիւնները: