ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».-Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզա «ԱզերԹաճ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, ամփոփելով 2006ի ընթացքին Արցախի հարցի զարգացումները նշեց, թէ տարին վերելքի, ապա անկման, այնուհետեւ՝ նոր վերելքի տարի էր: Ան աւելցուց, որ մօտ օրէն համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն:
«Մենք տարին աւարտեցինք Մինսքում Ալիեւի եւ Քոչարեանի միջեւ արդիւնաւէտ հանդիպմամբ», յայտարարեց Պրայզա եւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները «կոշտ դիրք են գրաւում բանակցութիւններում՝ պաշտպանելով իրենց երկրների ազգային շահերը»:
Պրայզա յայտնեց նաեւ, որ այս ամսուան վերջը, կամ Փետրուարին, համանախագահները պիտի այցելեն տարածաշրջան. «Այցի ամսաթիւը կախուած է նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի աշխատանքային ժամանակացոյցից: Մենք կը ցանկանայինք՝ անցեալ տարուայ վերջին ձեռք բերուած դրական զարգացումն ամրապնդելու համար եւս մէկ քայլ անել՝ նախքան Հայաստանում թափ կ’առնի նախընտրական արշաւը», ըսաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահը: