ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Մէթիու Պրայզան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Պէռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա) Հայաստան պիտի ժամանեն Յունուար 24ին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն եւ նշեցին, որ համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը կախուած է եղանակի պայմաններէն:
Նշենք, որ Մինսքի խումբի համանախագահները Յունուար 23ին ներկայ պիտի գտնուին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նախատեսուող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Վարդան Օսկանեանի ու Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումին, որմէ յետոյ պիտի այցելեն տարածաշրջան՝ երկիրներու ղեկավարներուն հետ քննելու ԼՂ հակամարտութեան բանակցային գործընթացին առնչուող հարցեր: