
Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդարանին, Ուրբաթ, 24 Մարտի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ Պլըքտանեան սրահին մէջ, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբ. Մնացականեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Հրաչեայ Փոլատեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ անոր տիկնոջ, Գահիրէի թեմական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներու, Գահիրէի զանազան հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, հատորներու խմբագիր եւ Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՍՈԿ) տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, հիւրերու, մտաւորականներու, մշակոյթի մարդոց, բարեկամներու եւ գիտաժողովին մասնակցած անհատներու հոյլի մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» զոյգ հատորներուն շնորհահանդէսը:
Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, տոքթ. Սուրէն Պայրամեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ գիտաժողովէն իր քաղած տպաւորութիւններուն եւ շեշտեց երիտասարդ մասնակիցներու դրական պարագան, որ «յոյս ներշնչեց» ներկաներուն: Ան իր անհուն գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկին առիթին եւ զայն նկատեց ինքնատիպ:
Իր սրտի եւ գնահատանքի խօսքը ըսաւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Փոլատեան, որ վկայակոչեց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի հաստատումը, թէ «գիրքը աստուածային ծնունդ է», եւ կարեւոր նկատեց Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած զոյգ գիտաժողովներով Գահիրէի ազգային առաջնորդարանին եւ Հայկազեան Համալսարանին միջեւ յառաջացած համագործակցութիւնը ու գնահատեց ՀՍՈԿի կազմակերպած գիտաժողովներու հատորներուն հրատարակութիւնը:

Ապա զոյգ հատորները ներկայացուց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ նշեց, թէ անոնք կը հաշուեն 40 ուսումնասիրութիւններ եւ ունին յաւելուածի բաժիններ, որոնց մէջ տեղ գտած են մամուլէն եւ արխիւներէ քաղուած վկայութիւններ, տեղեկատուութիւններ, յուշագրութիւն, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ։ «Այս բոլորը ընթերցողին կը մատուցեն ծաւալուն գիտելիք՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայօճախներուն մասին», ըսաւ ան:
Դոկտ. Տագէսեան յայտնեց որ ուսումնասիրութիւններէն 16ը ստորագրուած են տեղի հայօճախներու ներկայացուցիչներէն, որոնցմէ ոմանք արտագաղթած են, թուեց նիւթերը եւ անոնց ընդգրկած ժամանակն ու օգտագործուած լեզուները:
Դոկտ. Տագէսեան ընդգծեց, որ գիտաժողովներու շարքին միայն Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ ծննդավայր հայօճախի եւ Հայկազեան համալսարանին մէջ, նոյնպէս եւ գիտաժողովներու հատորներէն միայն այս զոյգ հատորներն էին, որոնց շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Գահիրէի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ այս գործակցութեան խորհուրդին օրինակելիութեան, եւ ընդգծեց, որ տանտէր հայօճախի եկեղեցական մարմինը, աջակցութեամբ տեղի միութենական ուժերուն՝ պատրաստակամութեամբ եւ յանձնառութեամբ մասնակցեցաւ եւ սատարեց գիտաժողովին յաջողութեան:
Ապա սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան գիտաժողովին մասնակցողներ, որոնք փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ցուցաբերած ոգեւորութեան, խանդավառութեան եւ ուժ ու կորով մաղթեց անոր, նաեւ՝ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, տոքթ. Պայրամեանին եւ բոլոր մասնակցողներուն, ապա ըսաւ թէ ինք Եգիպտոսը կը սեպէ սկզբնաւորութիւն՝ բազմաթիւ առումներով։ «…Տէր Յիսուսի սկզբնաւորութեան պատմութեան մէջ Եգիպտոսը կարեւոր տեղ ունի…: Եգիպտոսի սկզբնաւորութիւնը կը տեսնենք նաեւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու իբրեւ մայրաքաղաք, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան առնչութեամբ Եգիպտոսը նաեւ Արաբական Լիկայի կեդրոնն է«: Ան յայտնեց, թէ վերջին երեսնամեակին կազմակերպուած գիտաժողովներէն շատերուն նիւթերը լոյս չտեսան, իսկ Հայկազեան համալսարանի գիտաժողովները այդ առումով «իւրայատուկ են»: «Այս հատորները՝ կարեւոր են: Ասոնք հիմնականին մէջ գիտաժողովներու աշխատանքն են, սակայն ասոնք հանրագիտարաններ չեն տուեալ հայօճախին մասին: Ասոնք հրաւէր են՝ որ ուսումնասիրութիւններ աւելնան, շարունակուին նոր հետազօտութիւններով»: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան այս գիտաժողովները նկատեց նաեւ «հայրենիքի եւ Սփիւռքի երկխօսութեան համագումարներ, յարաբերութիւններ ամրապնդելու, հետազօտութիւններ կատարելու, նոր գործակցութիւններ յառաջացնելու մղիչ ուժ»։
Փակման խօսքին մէջ, եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբ. Մնացականեան պատմեց գիտաժողովի գաղափարին, կազմակերպումին ու գործնականացումին առաջին քայլերուն իր փորձառութեան մասին եւ թուեց հարցադրումներ, որոնք բարձրացան այդ առթիւ, ու ընդգծեց որ «ամէն բան կարելի է, եթէ անոր մէջ կայ ցանկութիւն ու նպատակ»: Ան գիտաժողովները համարեց յիշեցում՝ թէ ուր կը գտնուիս, ինչ համայնքի մէջ կ՛ապրիս, այս համայնքը ինչպէս ստեղծուած է, ինչպիսի նուիրեալ անձեր իրենց գաղափարական կեանքը դրած են եւ այսօր որ մենք հոս կ՛ապրինք կը վայելենք անոնց ստեղծածը:
Շնորհահանդէսի աւարտին, հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները ծաւալեցին հաճելի խօսակցութիւններ, քննարկումներ, վերյիշեցին գիտաժողվին փորձառութիւնը եւ լիցքաւորուած մեկնեցան սրահէն:
