29 Յունուարին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, ուր ունեցաւ հանդիպումներ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ստորագրուեցան զանազան համաձայնագիրներ:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ օրակարգի եւ շրջանային ու միջազգային իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ գիւղատնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ լաւագոյն փորձառութեան փոխանակման, զանազան ներդրումային ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու փոխադարձ զբօսաշրջութեան զարգացման խոչընդոտներու յաղթահարման ուղիներուն, մասնաւորաբար այս նպատակով Երեւան-Գահիրէ կանոնաւոր ուղիղ թռիչքներու իրականացման կարելիութիւններուն:
«Գաղտնիք չէ, որ Եգիպտոսն իր տարածաշրջանում գերտէրութիւն է եւ յայտնի է նաեւ, որ միջնորդական առաքելութեան մեծ փորձ ունի եւ, որ ամենակարեւորն է՝ խաղաղութեան գաղափարախօսութեան իրականացնող, հարեւանների հետ խաղաղ ապրելու, խաղաղ գոյակցելու գաղափարախօս երկիր է: Այս առումով մենք շատ նման ենք իրար, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնն է այդպիսին՝ հասնել տարածաշրջանում խաղաղութեան, հարեւանների հետ ապրել խաղաղ, բարեկեցիկ կեանքով: Համոզուած եմ, որ մենք Եգիպտոսի փորձի կարիքը եւս ունենք», հանդիպման ընթացքին ըսաւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան:
Հանդիպումէն ետք, նախագահները հանդէս եկան յայտարարութիւններով:
Խաչատուրեան Սիսիի այցելութիւնը որակեց պատմական, արդիւնաւէտ գնահատեց բանակցութիւնները եւ նշեց, որ իրենք խօսած են երկու երկիրներուն միջեւ այս տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած համագործակցութեան մասին՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ստորագրուեցան նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք, ըստ Խաչատուրեանի, սկիզբ պիտի դնեն նոր նախաձեռնութիւններու:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ապահովութեան, քաղաքական եւ շրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելուն ուղղութեամբ հայկական կողմի ջանքերուն:
Սիսի իր կարին ըսաւ, որ իր երկիրը նոյնպէս առնչութիւն ունի շրջանային տագնապներու հետ եւ իր հերթին պատրաստակամ է իր կարելի ջանքերը ներդրելու հայ-ատրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման համար:
«Եգիպտոս մինչեւ օրս կը շարունակէ զանազան շրջանային հարցերու եւ տագնապներու ականատես ըլլալ, եւ պէտք է արձանագրել կարեւոր հանգամանք մը, որ նախորդ դարու 70ական թուականներէն սկսեալ Եգիպտոս գնաց խաղաղութեան ճամբով եւ այդ ճամբուն վրայ բախեցաւ շարք մը խոչընդոտներու… Ձեզի հետ ունեցած առանձնազրոյցին ընթացքին ես արձանագրեցի, որ մենք հայ-ատրպէյճանական տագնապի հարցին մէջ ունինք չէզոք դիրքորոշում եւ այս իմաստով, եթէ դուք կ՛ընդունիք մեր միջնորդութիւնը եւ կը փափաքիք, որ մենք միջնորդենք կամ նման դեր ստանձնենք՝ մենք պատրաստ ենք», շեշտեց ան:
Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Սիսի հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: