
ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ վտանգի դէմ յանդիման կանգնած են Արցախի հայերը:
«Եթէ դատարանն անյապաղ միջոցներ չձեռնարկի, Լեռնային Ղարաբաղի հայերն անհնարին ընտրութեան առջեւ կը կանգնեն՝ թողնել իրենց պապենական տները կամ մնալ այնտեղ եւ սովամահ լինել«, յայտարարեց Կիրակոսեան՝ աւելցնելով. »Նախագահ Ալիեւը դա յստակ է դարձրել: Նա բացայայտ պահանջել է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը հեռանան: Նա պնդել է, որ Ադրբեջանի հիմնական պարտքը հայերին իրենց հողերից վտարելն է»:
Հայաստան միջազգային դատարանէն կը պահանջէ հրատապ միջոց կիրարկել եւ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանը՝ բանալու արդէն 50 օրերէ ի վեր փակուած Լաչինի միջանցքը, ապահովել մարդոց եւ փոխադրամիջոցներու երկկողմանիազատ տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ անյապաղ վերականգնել ելեկտրականութեան մատակարարումը. այս պահանջը հայկական կողմը 4 օր առաջ հրատապ կարգով աւելցուց իր դիմումին մէջ:
ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ 30 Յունուարին սկսած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դատավարական լսումներուն ընթացքին Եղիշէ Կիրակոսեան սկիզբէն ըսաւ, թէ «թեթեւ սրտով չենք եկել եւ յոյս ունէինք, որ խնդիրները վաղուց պէտք է լուծուած լինէին»:
Առաւել քան մէկ ամիս առաջ մէկ այլ միջազգային ատեան՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Պաքուին ստիպեց ձեռնարկել բոլոր միջոցներու՝ ապահովելու միջանցքով Հայաստանի մէջ բուժման կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու եւ ճամբան առանց ուտելիքի եւ գոյութեան անհրաժեշտ միջոցներու մնացած այլոց տեղաշարժը, նաեւ վերականգնել կազամատակարարումը: Բայց Ատրպէյճան անտեսեց ոչ միայն Սթրազպուրկի դատարանի, այլ նաեւ այլ հեղինակային կառոյցներու, առանձին երկիրներու՝ Լաչինի միջանցքը բանալու պահանջը:
«Բայց Ադրբեջանը, կարծես թէ, հաստատակամ է Լեռնային Ղարաբաղի էթնիկ (բնիկ) հայերին »խեղդելու« հարցում: Մէկ հոգի արդէն մահացել է բուժօգնութեան բացակայութեան պատճառով: Այլոք նման ճակատագրի արժանանալու վտանգի առջեւ են», ըսաւ Կիրակոսեան:
Մարդկային աղէտի ամբողջ ծաւալը ներկայացնելով՝ Կիրակոսեան ընդգծեց, որ շրջափակումը, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումները կը կատարուին դիտումնաւոր կերպով։ «Մի քանի օր առաջ ինչպէս ասաց Ալիեւը, եթէ ինչ-որ մէկը չի ցանկանում մեր քաղաքացին դառնալ, ճանապարհը բաց է, ոչ ոք նրանց չի կանգնեցնի, նրանք կարող են գնալ խաղաղապահների հովանու ներքոյ կամ աւտոբուսով (հանրակառքով): Այլ կերպ ասած՝ ծագումով հայերը չեն կարող մտնել, բայց կարող են դուրս գալ Ղարաբաղից: Յարգելի՛ դատաւորներ, այսօրինակ աղաղակող էթնիկ (ցեղային) զտման գործողութիւնները մեր օրերում տեղ չունեն: Եւ այս դատարանը վերջին յոյսն է Լեռնային Ղարաբաղի հայերի համար: Ադրբեջանը փորձում է արդարացնել ու յաւերժացնել իր շրջափակումը՝ »բնապահպանական յօրինուածքների միջոցով», որին ոչ ոք չի հաւատում«, հաստատեց ան:

Հայաստանի հայցը ներկայացնող փաստաբաններէն Լորենս Մարթին յիշեցուց հետեւեալը. »Այս մարդոցմէ շատեր կը ներկայացնեն հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կը հովանաւորուին Ատրպէյճանի կառավարութեան կամ Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին կողմէ»:
Ատրպէյճան, ըստ Մարթինի, ակնյայտ կերպով չի ծածկեր իր նպատակները՝ ահաբեկել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը: Ան օրինակներ բերաւ, թէ ինչպէ՛ս իրենք զիրենք «բնապահպաններ» կոչող ատրպէյճանցիները ընկերային ցանցերու մէջ »Գորշ գայլեր«ու նշան ցոյց կու տան, կ՛երգեն հայերը հեռացնելու մասին երգեր, զանոնք կը կոչեն »շուներ, բարբարոսեր«, կը ներկայացնեն նկարներ, որոնց մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը «կը մաքրեն հայերէ»:
Փրոֆ. Լնոս Ալեքսանտր Սիսիլիանոս ընդգծեց առաւել քան 10 օրեր առաջ տեղի ունեցած դրուագը, երբ շրջափակման 37րդ օրը 19 արցախցի մանուկներ ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ սարսափահար եղան, երբ ատրպէյճանցի դիմակաւոր մարդիկ մարդատարը ներխուժեցին։ «Այս լուրջ միջադէպը փաստագրուած է եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ խոչընդոտներու կը բախին մարդիկ, երբ նոյնիսկ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ կ՛անցնին միջանցքը: Առանց անոնց ընդհանրապէս անկարելի է վերադառնալ»:
2 ժամ տեւած քննարկման ընթացքին, Հայաստանի շահերը ներկայացնող բոլոր բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին, որ եթէ դատարանը արագ քայլերու չձեռարկէ, Արցախի հայերուն կեանքը կը շարունակուի վտանգուած մնալ: