ԹԵՀՐԱՆ, «Ռպյթըրզ».- Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամանէի Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին սպառնաց հարուածել աշխարհի տարածքին գտնուող ամերիկեան շահերը, եթէ Միացեալ Նահանգներ յարձակում գործէ Իրանի վրայ:
Իրանեան օդուժի հրամանատարներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Թշնամին շատ լաւ գիտէ, թէ որեւէ ներխուժումի անմիջապէս պիտի յաջորդէ ընդհանուր եւ համապարփակ հակազդեցութիւն մը՝ ուղղուած ներխուժող կողմին եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին վրայ անոր շահերուն դէմ»:
«Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հմուտ չէ իր արարքներուն հետեւանքները կանխաւ հաշուելու մէջ, բայց այսպիսի անձ մը կարելի է խելքի բերել», ըսաւ այաթոլլա Խամանէի: Ան աւելցուց, որ «Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը որոշողներն ու անոնց ծառայող վերլուծաբանները քաջ գիտեն, թէ իրանեան ազգը անպատասխան պիտի չձգէ ներխուժում մը»:
Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետը նաեւ անդրադարձաւ իր առողջական վիճակին վերաբերող տարաձայնութիւններուն. «Իսլամական վարչաձեւի թշնամիները ստապատիր տարաձայնութիւններ հնարեցին ու սփռեցին. տարաձայնութիւններ՝ առողջական վիճակի եւ մահուան մասին. անոնց նպատակն էր հարուածել իրանեան ազգի բարոյականը: Անոնք պէտք է գիտնան, որ Իրանի մէջ մէկ անձի հետ չէ իրենց գործը, այլ՝ ամբողջ ազգի մը», ընդգծեց ան: