ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 23ին, ուշ երեկոյեան, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին քննուեցաւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու կատարման վերաբերեալ զեկոյցը, որ պատրաստուած էր Ժորժ Քոլոմպիէի (Ֆրանսա) եւ Միքը Քոյ Էլոյի (Ֆինլանտա) կողմէ, ապա որդեգրուեցաւ բանաձեւ:
Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԽՎ) կ’ողջունէ սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնց արդիւնքով բարելաւուած է իշխանութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական ճիւղերու տարանջատումը եւ անոնց միջեւ հաւասարակշռութիւնը. «Հայաստանի փոփոխուած սահմանադրութիւնն այժմ արդէն համահունչ է ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերիշխանութեան եւրոպական չափանիշներին ու սկզբունքներին», նշուած է բանաձեւին մէջ: Այսուհանդերձ, ԽՎը կ’ընդգծէ, որ կառավարման նոր համակարգը արդիւնաւէտօրէն կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ է բարելաւել քաղաքական միջավայրը եւ իշխող համախոհութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը:
Փաստաթուղթին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է 2007ի գարնան կայանալիք խորհրդարանական եւ 2008ի նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպման հարցին. «Յոյժ կարեւոր է, որպէսզի յաջորդ ընտրութիւնները վերջապէս համապատասխանեն ազատ եւ արդար ընտրութիւնների եւրոպական չափանիշներին՝ որպէս ապացոյց այն բանի, որ Հայաստանն առաջ է ընթանում ժողովրդավարութեան եւ եւրոպական համարկման ուղով», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ: ԽՎը կ’ակնկալէ, որ 2006ի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ընդունուած ընտրական օրէնսգիրքի հետագայ փոփոխութիւնները լաւ հիմք ստեղծեն գալիք ընտրութիւններու կազմակերպման համար. «Պէտք է յստակօրէն յայտարարել, որ յաջորդ ընտրութիւններում կեղծիքը պարզապէս անհանդուրժելի է լինելու», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Տեղական ինքնակառավարման ոլորտին մէջ ԽՎը կ’ողջունէ փոխուած սահմանադրութեամբ նախատեսուող Երեւանի քաղաքապետի ուղղակի կամ անուղղակի ընտրութեան հնարաւորութիւնը եւ համայնքապետերը պաշտօնանկ ընելու հնարաւորութեան սահմանափակումը:
ԽՎը նաեւ կ’ողջունէ Սահմանադրական դատարան դիմողներու ցանկի ընդլայնումը. «Այսպիսով, Հայաստանը կարողացել է կատարել տուեալ ոլորտում իր յանձնառութիւնը», ընդգծուած է բանաձեւին մէջ:
Գոհունակութեամբ նշուած է, որ Հայաստան վաւերացուցած է վարչական փտախտի դէմ պայքարի ոլորտին մէջ Երոպայի խորհուրդի երկու հռչակագիրները:
Վեհաժողովը կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ քայլեր ձեռնարկել վարչական փտախտի դէմ պայքարող պետութիւններու խումբի (GRECO) յանձնարարականները եւ դրամ «լուալու» դէմ պայքարի վերաբերեալ MONEYVAL-ի յանձնարարականները գործադրելու ուղղութեամբ: Ընդգծուած է, որ ԵԽի աջակցութեամբ պէտք է շուտափոյթ վերջնական տեսքի բերել 2007-2009ի համար նախատեսուած վարչական փտախտի դէմ պայքարի նոր ռազմավարութիւնը:
Ընտրութիւններու նախաշեմին առանձնապէս կարեւոր նկատուած է համացանցային լրատուամիջոցներու բազմակարծութիւնը եւ այժմ տեղի ունեցող բարեփոխումները, քանի որ «ազատ եւ արդար ընտրութիւնների անցկացման բացարձակապէս անհրաժեշտ նախապայման է համացանցային լրատուամիջոցների հաւասարաչափ հասանելիութիւնը բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնների համար»: Միաժամանակ, ԽՎը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր, լրագրողներուն դէմ քրէական գործեր չեն յարուցուած զրպարտութեան մեղադրանքով:
Ընդգծելով հաւաքներու ազատութիւնը, փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ժողովներու, հաւաքներու, երթերու եւ ցոյցերու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն մէջ հաշուի առնուած են Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներու մեծ մասը:
ԽՎը, անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան, ափսոսանք յայտած է, որ հակառակ 2006ի ընթացքին կազմակերպուած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երեք հանդիպումներուն եւ Մինսքի խումբի համանախագահներու յաւելեալ ճիգերուն, ցարդ հնարաւոր չէ եղած արձանագրել որեւէ լուրջ յառաջխաղացք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ. «Վեհաժողովը պատրաստակամ է, յատկապէս՝ ԵԱՀԿի Մինսքի համաժողովի շրջանակներում կարգաւորուող՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ 1416 բանաձեւի կատարման բիւրոյի ժամանակաւոր յանձնաժողովի միջոցով օգնել բանակցութիւնների նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորմանը եւ խորհրդարանների մակարդակով եւ երկու պետութիւնների բնակչութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հետ երկխօսութեան սերտացմանը՝ միաժամանակ ձեռնպահ մնալով բանակցութիւնների գործընթացին միջամտելուց», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Վերջին կէտով նշուած է, որ ԽՎը որոշած է շարունակել դիտարկման ընթացակարգը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ բանաձեւով առաջարկուող բարեփոխումները տան շօշափելի արդիւնքներ: