ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, որ մտադիր էր Նախիջեւան այցելել հայկական յուշարձաններու քանդումին կապակցութեամբ փաստահաւաք առաքելութեամբ, յայտարարեց, թէ այս այցելութիւնը յետաձգուած է:
Սակայն մեկնաբանելով այս հարցը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոհացաւ միայն ցաւ յայտնելով:
Նախարարութեան բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան յայտարարեց. «Ցաւում ենք, որ ատրպեճանական կողմի ապակառուցողական կեցուածքի պատճառով, որի նպատակն է քօղարկել Նախիջեւանում իրականացուած հայկական յուշարձանների բնաջնջումը, հարաւային Կովկասում մշակութային յուշարձանների վիճակի դիտարկման ԵԽԽՎ պատուիրակութեան այցը չեղեալ է յայտարարուել»:
Նախարարութեան բանբերը շարունակեց ըսելով. «Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է յուշարձանների պահպանման վիճակի գնահատման առաքելութեան այցը տարածաշրջան եւ մասնաւորապէս Նախիջեւան: Մենք ինքներս էինք նախաձեռնել ԵԽԽՎ, Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի շրջանակներում մշակութային յուշարձանների վիճակի գնահատման նպատակով այցելութիւններ տարածաշրջան»:
Ան հաւաստիացուց, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղը համամտութիւն յայտնած էին բրիտանացի պատգամաւոր Էտուըրտ Օ’Հարայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան այցելութեան:
Յիշեցնենք, որ կը նախատեսուէր առաքելութեան այցը սկսիլ Օգոստոս 29էն: Պէտք է ուսումնասիրուէին յուշարձանները Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն Օգոստոս 28ին ԵԽԽՎ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան յանձնաժողովը յայտարարեց, որ այցը յետաձգուած է՝ առանց բացատրութիւններ տալու: