ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկման յանձնաժողովի՝ Դեկտեմբեր 13ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած նիստին ներկայացուեցաւ Հայաստանի պարտաւորութիւններուն վերաբերող զեկոյցի նախագիծը, ուր յստակօրէն կը պահանջուի յառաջիկայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները կայացնել եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան:
Փաստաթուղթը կ’ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները վերջապէս համապատասխանեն ազատ ու արդար ընտրութիւններու եւրոպական չափանիշներուն, իբրեւ ապացոյց ժողովրդավարացման ուղղութեամբ Հայաստանի յառաջխաղացքին եւ եւրոպական համարկումին»: Հոն կ’ըսուի նաեւի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է «քաղաքական կամք» ցուցաբերեն, որպէսզի առաջքը առնուի նախկին ընտրութիւններուն մէջ արձանագրուած ընտրական զեղծարարութիւններուն: «Յստակ պատգամ պէտք է փոխանցուի, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն զեղծարարութիւնները պէտք չէ թոյլատրուին», կ’ըսուի հոն:
Փաստաթուղթին մէջ գոհունակութիւն յայտնուած է իրականացուած սահմանադրական բարեփոխումներուն կապակցութեամբ, սակայն միաժամանակ ըսուած է, որ անհրաժեշտ է քաղաքական մթնոլորտի բարելաւում եւ իշխանական համախոհութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն, որպէսզի սահմանադրութիւնը արդիւնաւէտ գործէ:
«Միայն օրէնքներու ընդունումը բաւարար չէ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման համար: Անհրաժեշտ է, որ օրէնքները արդիւնաւէտ ձեւով կիրարկուին», նշուած է զեկոյցի նախագիծին մէջ:
Զեկուցումը կ’ըսէ նաեւ, որ «ընտրական քարոզարշաւի եւ ընտրութիւններու մասին լրատուութիւնները մամուլին մէջ պէտք է ըլլան անկողմնակալ եւ հիմնուած՝ բազմակարծութեան վրայ»:
Զեկոյցի նախագիծը, որ պատրաստած են Ժորժ Քոլոմպիէն (Ֆրանսա) եւ Միքը քոյ Էլոն (Ֆինլանտա), պիտի ներկայացուի ԵԽԽՎ յունուարեան նստաշրջանին: