ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.– Հոկտեմբեր 30ին, Մոսկուայի Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ, Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Անէս Քուքերմանի հետ։
Հանդիպումը նպատակ ունէր յայտնելու Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ մոսկուահայութեան երախտագիտութիւնը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հոկտեմբեր 12ին ընդունած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար պատիժ սահմանող օրինագիծին։
Ֆրանսայի դեսպանատան փոխանցելով իրենց շնորհակալութիւնը, Նաւոյեան նշեց, որ օրինագիծի ընդունումը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու յարգման հերթական դրսեւորումն է։
Ա. Քուքերման անդրադարձաւ թէ՛ վերջին օրինագիծին եւ թէ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան թեմայով ֆրանսական հասարակական քաղաքական շրջանակներուն մէջ ընթացող բանավէճին։ Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի պետութիւնը կը փափաքի նպաստել ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան հաստատումին եւ գործակցութեան ապահովումին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակի կողմէ մատնանշուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու զղջման անհրաժեշտութիւնը՝ իր պատմութեան մութ էջերը սրբագրելու, քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին դասուելու եւ ըստ այդմ իր յարաբերութիւնները կառուցելու համար։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան: