ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Օգոստոս 9ին Եռաբլուրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. 10րդ համահայկական երիտասարդական-ուսանողական բանակումին, որ պիտի տեւէ 8 օր եւ պիտի շարունակուի Ծաղկաձորի եւ Շուշիի մէջ:
Բանակումի պատասխանատու Հայկ Ասատրեան յայտնեց, որ բանակումին կը մասնակցին 100է աւելի երիտասարդներ՝ 13 երկիրներէ եւ նշեց, որ բանակումի ընթացքին տեղի պիտի ունենան Հայ Դատին, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած քննարկումներ, շրջագայութիւններ եւ աւելցուց, որ «բանակումի նպատակն է մերձեցնել տարբեր երկրներում ապրող հայ երիտասարդներին՝ ընդհանուր նպատակների համար: Մասնակցում են Հ.Յ.Դ. Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդական բոլոր միութիւններից ներկայացուցչական կազմով, իւրաքանչիւր միութեան 40 անդամից մասնակցում է մէկ մարդ: Կարգապահութիւնը շատ բարձր է, եւ մենք առաջնորդւում ենք յստակ մշակուած ծրագրով»:
Նշենք, որ Հ.Յ.Դ. 10րդ համահայկական երիտասարդական-ուսանողական բանակումի նշանաբանն է՝ «Յանուն արդարութեան եւ Միացեալ Հայաստանի»: