ԵՐԵՒԱՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան, «Արմէնփրէս».- Ծիծեռնակաբերդի «Յիշողութեան պուրակ»ին մէջ «Երազանք յանուն Տարֆուրի» քայլարշաւի մասնակիցները Սեպտեմբեր 26ին խորհրդանշական եղեւնի տնկեցին եւ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ծանօթացան անցեալ դարասկիզբին հայկական ջարդերը փաստող վաւերագրական նիւթերու:
«Յիշողութեան պուրակ»ին մէջ եղեւնի տնկեցին նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ ջահերով քայլարշաւը մեկնարկած է Օգոստոս 8ին, Արեւելեան Չատէն: Նախաձեռնութեան հեղինակը աշխարհահռչակ դերասանուհի, «Եունիսէֆ»ի բարի կամքի դեսպան Միա Ֆարոն է եւ «Փրկենք Տարֆուրը» կազմակերպութիւնը: Արշաւի նպատակն է համայն աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռել ցեղասպանութիւններու խնդիրին, եւ կազմակերպուող քայլարշաւը պիտի անցնի բոլոր այն երկիրներէն, որոնք երբեւիցէ տուժած են ցեղասպանութիւններէն: