Եթէ երեխան ապրի քննադատութեամբ, ան կը սորվի դատապարտել,
Եթէ երեխան ապրի թշնամանքով, ան կը սորվի կռուիլ,
Եթէ երեխան ապրի հեգնանքի ենթարկուելով, ան կը սորվի ըլլալ ամչկոտ,
Եթէ երեխան ապրի ամօթով, ան կը սորվի յանցաւոր զգալ,
Եթէ երեխան ապրի հանդուրժողութեամբ, ան կը սորվի համբերատարութիւն,
Եթէ երեխան ապրի քաջալերանքով, ան կը սորվի ինքնավստահութիւն,
Եթէ երեխան ապրի գովասանքով, ան կը սորվի գնահատել,
Եթէ երեխան ապրի արդարութեամբ, ան կը սորվի ըլլալ արդար,
Եթէ երեխան ապրի ապահովութեամբ, ան կը սորվի հաւատք ունենալ:
Եթէ ԵՐԵԽԱՆ ապրի ընդունուած ըլլալու զգացումով, ընկերական միջավայրի մէջ, ան կը սորվի գտնել ՍԷՐ աշխարհի մէջ:
Կարմիր Միսը Եւ Կուրծքի Քաղցկեղը
Ըստ վերջերս կատարուած նոր ուսումնասիրութեան մը, երիտասարդ կանայք, որոնք մեծ քանակութեամբ կարմիր միս կը սպառեն, աւելի բարձր հաւանականութիւն ունին ենթարկուելու հորմոններու պատճառած կուրծքի քաղցկեղի վտանգին:
Յիշեալ հետազօտութիւնը կատարուած է Հարվըրտ համալսարանի կողմէ: Անոր ենթակայ եղած են բերրի տարիքի սահմաններու մէջ գտնուող 90,000 կիներ:
Հետազօտող գիտնականները նկատած են կուրծքի քաղցկեղի կրկնապատիկ հաւանականութիւն այն կանանց մօտ, որոնք սպառած են օրական աւելի քան 1.5 չափ (serving) կարմիր միս, համեմատած այն կանանց, որոնք սպառած են շաբաթական միայն երեք կամ նուազ չափ կարմիր միս:
Որքան աւելի կարմիր միս կանայք սպառած են իրենց 20-30-40ական տարիքներուն, աւելի շատ եղած է կուրծքի քաղցկեղի սպառնալիքը իրենց մօտ՝ ուսումնասիրութեան 12 տարիներու ընթացքին:
Կուրծքի քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը հետեւանք են յարաբերաբար բարձր քանակի Էսթրոճենի եւ Փրոճեսթերոնի (իգական հորմոններ): Անկախ կարմիր միսի պարունակած հաւանական Փրոճեսթերոնէն եւ Էսթրոճենէն, դժբախտաբար օրերս այս հորմոնները որոշ քանակութեամբ կը տրուին նաեւ ագարակի կենդանիներուն, ինչ որ աւելիով կը բարձրացնէ յիշեալ հորմոններու քանակը կարմիր միսին մէջ:
«Կարմիր միսի սպառումը նուազեցնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պատճառներուն վրայ կ’աւելնայ պատճառ մը եւս, յատկապէս կանանց համար», կ’ըսէ հետազօտող գիտնականներէն մէկը:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Սալմոն Ձուկը Մայոնէզով ու Թարխունով
1.5 փաունտ առանց փուշի թարմ կամ սառած սալմոն ֆիլէ
1/4 գաւաթ մայոնէզ
2 կանաչ սոխ ջարդուած (1/4 գաւաթ)
1 ա. դգալ լիմոնի հիւթ
3 թ. դգալ թարմ թարխուն՝ ցօղունէն անջատուած եւ ոչ մանր ջարդուած
1 ա. դգալ փափկացած կարագ
1/2 հատ շատ բարակ շերտուած լիմոն
6 ճիւղ թարմ թարխուն
Պատրաստութիւն
Ձուկը հալեցուցէք եթէ սառած է:
Թացանին համար փոքր խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք մայոնէզը, կանաչ սոխը, լիմոնի հիւթը եւ թարխունը: Ապահով կափարիչ մը դրէք վրան. ծածկեցէք եւ սառնարանը դրէք, որպէսզի շատ լաւ պաղի:
Հաստ եւ տոկուն ալիւմինում ֆոյլը պատրաստեցէք եւ քանի մը ծակտիկներ բացէք անոր վրայ: Ֆոյլին վրայ սրսկեցէք spray ձէթ (որպէսզի չփակի): Վրան դրէք ձուկի ֆիլէները՝ մորթի մասը տակը պահելով: Միաժամանակ ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ միասին լուծեցէք փափկացած կարագն ու մէկ դգալ թարխունը: Լաւ մը խառնելէն ետք ձուկին վրայ տարածեցէք:
Ածուխը հաւաքեցէք կրակարանի յատուկ տապակի մը մէջ: Միջակ ջերմութեամբ տաքցուցէք կրակարանը: Ձուկը foil-ով զետեղեցէք տապակին վրայ: Կրակարանին բերանը գոցեցէք եւ շուրջ 6 վայրկեան եփեցէք, աւելի ճիշդ՝ մինչեւ ձուկին եփիլը: Կրակէն հեռացուցէք եւ թացանը վրան պարպեցէք: Վրան զարդարեցէք թարմ թարխունի ցօղունով եւ լիմոնի բարակ շերտերով: Կրնաք սպասարկել 6 հոգիի:
Սննդագիտական Տեղեկութիւններ
1 ժումը. 188 ջերմուժ, 13 կրամ իւղ, 26 միլիկրամ քոլեսթերոլ, 143 միլիկրամ սոտիում, 1 կրամ շաքարեղէն, 0 բնաթել, 16 կրամ փրոթին:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Լեզուն ազգին հոգին է. կենդանի է այն հոգին՝ կենդանի է այն ազգը, կենսունակ է առաջինը՝ ուրեմն կենսունակ է երկրորդը:
Վահան Տէրեան
Վիշտը միակ բանն է, զոր մարդս կը յօժարի, մինչեւ անգամ կը պահանջէ, որ ուրիշին հետ բաժնէ:
Գրիգոր Զօհրապ
Կեանքը համրիչ մըն է պզտիկ դժբախտութեանց. փիլիսոփան կը հատհատէ զայն՝ խնդալով:
Ալեքսանտր Տիւմա
Ներում.- Ամէնէն ազնուական ու սխրալի վրէժը: Ինչպէս գեղեցկութիւնը կնոջ մը ամէն պակասութիւնները կը ծածկէ կամ կ’արդարացնէ, այնպէս ալ մարդու մը համար խելքը շատ բան ներել կու տայ:
Երուանդ Օտեան
Ովքեր սիրտ ունեն՝ պատերազմի դէմ են:
Վիքթոր Համբարձումեան