Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Երեւանի ընտրութեան նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ աւագանիի կազմին մէջ անցած ուժերէն ոչ մէկը ունի մեծամասնութիւն: Դատելով նախնական արդիւնքներէն՝ իշխող ուժը՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը չյաջողեցաւ հաւաքել անհրաժեշտ 50 տոկոսը ձայներուն՝ առանձինն քաղաքապետ ընտրելու համար: Նկատելի էր նաեւ ընտրութիւններուն Երեւանի բնակիչներուն շատ քիչ մասնակցութիւնը՝ 32.5 տոկոս:
Առաւել քան 234 հազար ընտրողներուն ձայները բաժնուեցաւ հետեւեալ կերպով.
«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը ստացաւ աւելի քան 75 հազար քուէ կամ ձայներու 32.5 տոկոսը, «Ազգային Առաջընթաց»ը՝ աւելի քան 43 հազար քուէ կամ ձայներուն 18.9 տոկոսը, «Մայր Հայաստան» դաշինքը՝ 15.4 տոկոսը, «Հանրապետութիւնը»՝ 11.3 տոկոսը, «Հանրային Ձայնը»՝ 9.7 տոկոսը: Միւս կուսակցութիւններուն հաւաքած ձայները անցողիկ 4 տոկոսէն նուազ են:
Վերջնական արդիւնքները Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պիտի հրապարակէ 24 Սեպտեմբերին՝ քուէարկութենէն 1 շաբաթ ետք, այդ ատեն պարզ պիտի ըլլայ նաեւ մանդատներու վերջնական բաշխումը, մինչ այդ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եղած բանաձեւի ու քուէարկութեան նախնական թիւերուն միջոցով կարելի է ստանալ հետեւեալ պատկերը. Երեւանի աւագանիի 65 աթոռներուն 24ը կը ստանայ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը, 14ը՝ Ազգային Առաջընթաց»ը, 12ը՝ «Մայր Հայաստան»ը, 8ը՝ «Հանրապետութիւն»ը եւ 7ը՝ «Հանրային Ձայն» կուսակցութիւնը:
«Շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժերը պիտի սպասեն մինչեւ գործող աւագանու լիազօրութիւնների աւարտը, ինչը ենթադրում է Հոկտեմբերի 10: Հոկտեմբերի 10ին նորընտիր աւագանին պէտք է գումարի առաջին նիստը, եթէ որեւէ քաղաքական ուժ չունի 50+ մանդատ (յանձնառութիւն), ապա այդ դէպքում արդէն աւագանին պէտք է երկշաբաթեայ ժամկէտում ընտրի քաղաքապետ», ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեան:
Եթէ այս 2 շաբաթուան ընթացքին աւագանիի անդամները չկարողանան համաձայնութեան գալ ու ընտրել քաղաքապետ, պիտի կատարուին նոր ընտրութիւններ: Աւագանիի կազմ անցած ուժերը արդէն սկսանն յայտարարել դաշինքներ ու համախոհութիւն կազմելու իրենց պայմաններուն մասին, քանի որ որեւէ ուժ չէ ստացած 50+ ձայն:

Յայտարարութիւններով հանդէս եկան «Ազգային Առաջընթաց»ը, «Մայր Հայաստան»ն ու «Հանրային Ձայն»ը:
«Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութիւնը առաջարկեց իր քաղաքապետի թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանը առաջադրել իբրեւ քաղաքապետի թեկնածու: Նշուեցաւ, որ այդպէս նաեւ թոյլ չի տրուիր «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին՝ ունենալ քաղաքապետ իրենց խմբակցութենէն: Ան նաեւ վերահաստատեց՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հետ համագործակցութիւնը բացառուած է:
«Մայր Հայաստան» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեան յայտնեց, որ պատրաստ են Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը անցած քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեան, եթէ անոնք կիսեն ամբողջական իշխանափոխութեան օրակարգը:
«Ունենք կոնկրետ (յստակ) սկզբունքներ, որոնց համաձայն, կարող ենք այս կամ այն ուժի հետ համագործակցել: Այդ սկզբունքները երեքն են: Առաջինը՝ պէտք է գնահատական տրուի Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեանը: Երկրորդը՝ այն ուժը, որը յաւակնութիւն ունի մեզ հետ համագործակցելու, պէտք է որեւէ պարագայում հնարաւոր չտեսնի «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի հետ համագործակցութիւնը: Եւ երրորդը՝ ամբողջական իշխանափոխութեան մեր ծրագիրը կիսելն է: Այս առումով բաց ենք քննարկումների համար: Մենք կարող ենք այդ քննարկումները վարել եւ ստանալ կոնկրետ արդիւնքներ», ըսաւ Թեւանեան:
«Հանրային Ձայն»ի առաջնորդ Վարդան Ղուկասեան ըսաւ, որ պատրաստ է համախոհութիւն կազմել «Ազգային Առաջընթաց»ի ու «Մայր Հայաստան»ի հետ: Այս պարագային, նախնական տուեալներով, անոնք կրնան երեքով քաղաքապետ ընտրել: