ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկահայ գեղանկարիչ, Երեւանի Միջին Արեւելքի թանգարանի հիմնադիր, Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Մարկոս Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ, մշակոյթի նախարարի հրամանով կազմուած է թաղման յանձնաժողով՝ փոխնախարար Գ. Գիւրջեանի գլխաւորութեամբ:
Մարկոս Գրիգորեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Սեպտեմբերի 1ին, ապա աճիւնը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Ծագումով կարսեցի, Մարկոս Գրիգորեանի 83ամեայ ուղին սկսած է Ռուսիոյ Քրոփոթքինօ քաղաքէն, ապա Իրան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կեանքի վերջին 13 տարիները՝ Հայաստան:
1957ին Մարկոս Գրիգորեան Վենետիկի Պիէնալէի մէջ Իրանի պատուիրակն էր, իսկ 1958ին նաեւ միջազգային դատակազմի անդամ:
1962էն Նիւ Եորքի մէջ սկսաւ Մարկոս Գրիգորեանի ստեղծագործութեան նոր փուլը: Արուեստագէտի աշխատանքները ներկայացուած են Նիւ Եորքի ժամանակակից արուեստի թանգարանին, «Ռոքֆելըր ժամանակակից արուեստի գլուխգործոցներ» կեդրոնին, Ճոնսըն թանգարանին, Թեհրանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Հռոմի պատկերասրահներուն եւ քանի մը տասնեակ այլ թանգարաններու մէջ:
1980ին Նիւ Եորքի մէջ ան հիմնադրած է Արշիլ Կորքիի ցուցասրահը՝ համաշխարհային հանրութեան ծանօթացնելով Արշիլ Կորքիի արուեստը եւ հայկական ծագումը:
Մարկոս Գրիգորեան աշխարհի բազմաթիւ ցուցասրահներուն մէջ տուած է երկու տասնեակէ աւելի անհատական եւ բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներ:
1992ին ան Հայաստանին նուիրած է մշակոյթի արժէքներու իր բարձրարժէք հաւաքածոն, որուն հիման վրայ 1993ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է իր հիմնած Միջին Արեւելքի թանգարանին՝ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տարածքին մէջ:
Հայաստանէն դուրս գտնուող հայկական հոգեւոր, մշակութային արժէքներու միակ եւ ճշմարիտ հանգրուանը համարելով Հայաստանի պետութիւնը, Մարկոս Գրիգորեան իր արուեստը բերաւ եւ աւանդ ձգեց հայրենիքին:
Ողբերգական մահը անաւարտ ձգեց մեծ հայի ու արուեստագէտի մշակութային բարձրարժէք ծրագիրները, որոնց իրագործումը իր ուրոյն հետքը պիտի ձգէր հայ արուեստի ու մշակոյթի պատմութեան էջերուն մէջ: