ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի 19 պատմամշակութային յուշարձաններ պիտի կեդրոնացուին Արամի եւ Բիւզանդի փողոցներու միջանկեալ հատուածին մէջ, ներկայիս «Սիլ փլազա» խանութի ետնամասին մէջ:
Անոնցմէ 5ը կը գտնուին վերոնշեալ վայրին մէջ եւ տեղափոխման ենթակայ չեն, իսկ տեղափոխուելիք 14 յուշարձանները նախկին քաղաքաշինական գործառոյթներու արդիւնքով տեղափոխուածներն են: Այստեղ կը նախատեսուի կազմել 20րդ դարասկիզբին բնորոշ Երեւանի քաղաքաշինական միջավայրը բնութագրող տարածք, պիտի ըլլան փոքրիկ պատկերասրահներ, ցուցասրահներ, արհեստանոցներ, խանութներ եւ այլն:
Աշխատանքներու իրականացման մրցոյթը արդէն կայացած է: Կառուցապատուած շրջանի ստորգետնեայ հատուածները պիտի օգտագործուին ինքնաշարժերու կայանատեղերու համար, իսկ բակային տարածքները պիտի կանաչապատուին եւ հասանելի պիտի ըլլան մայրաքաղաքի բնակչութեան համար: