ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Ցաւալի է, որ ութ փորձառու դիւանագէտներ տեղիք են տալիս Թուրքիայի մեքենայութիւններին», ըսուած է արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի յայտարարութեան մէջ, զոր ան կատարած է Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղարներու կողմէ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիին հասցէագրուած նամակի կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 25ին ԱՄՆի նախկին ութ պետական քարտուղարները նամակով դիմած էին Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Փելոսիին՝ կոչ ուղղելով կանխել Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ 106րդ բանաձեւի քննարկումը Ներկայացուցիչներու տան մէջ: Անոնք մտահոգութիւն յայտնած էին, որ օրինագիծի ընդունումը կը վնասէ տարածաշրջանին մէջ ինչպէս ԱՄՆի շահերուն, այնպէս ալ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:
Նախարար Օսկանեանի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Այդ նամակում տեղ գտած շատ հարցերի հետ կարելի է չհամաձայնել, յատկապէս՝ այդպիսի բանաձեւի կարծեցեալ վնասների առումով: Ես կ’անդրադառնամ միայն այն անազնիւ յայտարարութեանը, ըստ որի այդպիսի բանաձեւը «վնաս կը հասցնի Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ հաշտեցման հասնելու ջանքերին»:
«Ես ափսոսանքով եմ նշում, որ որեւէ գործընթաց, որը կը խթանէր Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը, գոյութիւն չունի: Մտահոգութիւններ յայտնել գոյութիւն չունեցող գործընթացը վնասելու առումով պարզապէս շինծու կեցուածք է:
«Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է եղել բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել իր հարեւանի հետ: Այնուհանդերձ, «նորմալացման» յանգեցնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն արժանացել է Թուրքիայի մերժմանը: Փոխարէնը, վերջինս շարունակաբար նախապայմաններ է առաջ քաշում: Թուրքիան առաջարկներ է ներկայացնում, որոնք պարզապէս անվերջ բանակցութիւնների յայտ են՝ առանց հարեւանների միջեւ նուազագոյն, սովորական յարաբերութիւնների հասնելու լուրջ յանձնառութիւնների: Պատմական յանձնաժողով կազմելու իրենց կոչը՝ քննարկելու այդ ցաւոտ պատմական իրադարձութիւնները, լուրջ չէ՝ հաշուի առնելով ազատ խօսքի եւ քննարկման վրայ դրուած սահմանափակումներն իրենց քրէական հետեւանքներով եւ այն ոչ բարեկամական մթնոլորտը, որ Թուրքիան է ստեղծել՝ Հայաստանի հետ սահմանները փակ պահելով:
«Ես արդէն գրել եմ խօսնակ Փելոսիին՝ արտայայտելով մեր խորը մտահոգութիւնները եւ ցրելով հետեւանքների մասին այն սին յայտարարութիւնները, թէ որեւէ բանաձեւ, որն անդրադառնում է մարդու իրաւունքների ու ցեղասպանութեան հարցերին, կարող է վնասել որեւէ երկկողմ յարաբերութիւնների»: