ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երիտասարդ բեմադրիչներու համահայակական երկրորդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ՝ Հոկտեմբեր 21-26ին: Ըստ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Երուանդ Ղազանչեանի, փառատօնի ընթացքին բեմադրութիւններ պիտի ցուցադրուին նաեւ Արթիկի մէջ:
Երիտասարդ բեմադրիչներու այս տարուան փառատօնին պիտի մասնակցին 10է աւելի երիտասարդներ Հայստանի տարբեր՝ Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական, Հ. Ղափլանեանի անուան, Սթանիսլաւսքիի անուան ռուսական, Երեւանի պատանի հանդիսատեսի, Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային, «Համազգային»ի, Պատանի հանդիսատեսի, Երեւանի երաժշտական սենեկային, Գիւմրիի Աճէմեանի անուան, Էտկար Էլբակեանի անուան, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան հայկական թատրոններէն: