ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութեանց մասին Եւրոպական խորհրդարանին տեղեկագրին նախագիծին մէջ 236 փոփոխութիւններ առաջարկուած են, որոնց մէկ մասը կը վերաբերի Հայաստանի եւ հայութեան:
Եւրոխորհրդարանականներ քննադատած են այն իրողութիւնը, որ նախագիծին մէջ անտեսուած է կամ հպանցիկ կերպով նկատի առնուած են շարք մը կարեւոր կէտեր, որոնց շարքին են Կիպրոսի բռնագրաւումը, քիւրտերու իրաւանց հարցը եւ ազգայնամոլներու ազդու դերակատարութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան ու բանակին մէջ:
Ձախակողմեան եւրոերեսփոխաններուն առաջարկած փոփոխութիւններէն մէկն է Հայկական Ցեսղասպանութեան ճանաչման պահանջը, մինչ այլ առաջարկներու մէջ կը քննադատուի Հայաստանի շրջափակումը եւ Հայաստանը շրջանային ծրագիրներէ դուրս պահելու Անգարայի փորձերը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան ողջունեց այս իրողութիւնը եւ կոչ ըրաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն, որ վաւերացնեն այս փոփոխութիւնները:
Այս հարցը Չորեքշաբթի օր պիտի քննուի Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ: