ՊՈԼԻՍ.- Հիմա, որ Թուրքիա կ՚ուղղուի դէպի դարձեալ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առանձին հիմնուած կառավարութիւն, Եւրոմիութիւնը կրկին իր ակնարկը ուղղած է դէպի Թուրքիա եւ կը սպասէ, որ Թուրքիա կրկին ձեռք առնէ կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որպէսզի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը շարունակուի ընդհատուած կէտէն։
Թուրքիոյ մէջ միջկուսակցական խաղաղ մթնոլորտ մը հաստատուած ըլլալ կը թուի ու թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ, թէ՛ Եւրոմիութեան կողմէ օրակարգի պիտի բերուի այն հարցումը, թէ այժմ կարելի՞ է յուսալ, որ Թուրքիա պիտի իրականացնէ այն նոր բարեկարգումները, զորս կը սպասէ Եւրոմիութիւնը։
Քաղաքական դէտերու համաձայն Եւրոմիութեան շրջանակները շատ գոհ են ընտրութեան արդիւնքէն։ Եւրոմիութեան անդամակցող բոլոր երկիրները գոհ են, որ Թուրքիոյ մէջ կուսակցութիւն մը անվիճելի մեծամասնութիւն ապահոված է ու ժողովուրդը, միանալով կառավարութեան, յայտնի դարձուցած է, որ դէմ է զինուորականներու քաղաքական միջամտութիւններուն։ Անոնց տեսակէտով, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ միակ կուսակցութիւնն է, որ վճռած է իրականացնել Եւրոմիութեան սպասած վիթխարի յեղաշրջումները։
Նախագահի ընտրութիւնը յայտնապէս նոր տագնապ մը պիտի չստեղծէ այլեւս, ու կ’ակնկալուի, որ կառավարութիւնը շուտով սկսի զբաղիլ բարեկարգումներու գործընթացով։
Եւրոմիութեան անդամները ընտրութենէն անմիջապէս վերջ դիտել տուին, որ կանգ առած գործընթացը պէտք է վերսկսի։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին կարեւոր քայլեր չառնուեցան ու կողմերը զբաղեցան միայն այնպիսի հարցերով, որոնք շատ զգայուն ու կարեւոր բնագաւառներու չեն պատկանիր։ Նոյեմբեր 9ին պիտի հրատարակուի Եւրոմիութեան նոր տեղեկագիրը:
Ակնկալուած բարեկարգումներու կարգին մէջ առաջին գիծը պիտի գրաւէ Թուրքիոյ քրէական օրէնքին 301րդ յօդուածը։ Եւրոպացիները կը սպասեն, որ թրքութիւնը նախատելը յանցագործութիւն նկատող այս վտանգաւոր յօդուածը բարեփոխուի։ Կը յիշուին նաեւ փոքրամասնութիւններու ու կանանց իրաւունքներու հարցերը։ Եւրոմիութեան ղեկավարները կ՚ուզեն յիշեցնել, որ թուրք ժողովուրդը այսպիսի բարեկարգումներուն պէտք չէ նայի իբրեւ Եւրոմիութեան կողմէ պարտադրուած քայլեր, այլ պէտք է զանոնք համարէ անհրաժեշտ քայլ՝ թուրք ժողովուրդին կեանքի մակարդակը բարելաւելու եւ Թուրքիոյ մասին աւելի լաւ պատկեր մը ստեղծելու աշխատանքին մէջ:
Թուրքիոյ մէջ քաղաքական դէտեր մտահոգութեամբ դիտել կու տան, որ կարեւոր արգելք մը կայ Թուրքիոյ առջեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ընդդիմութիւնն է Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան։ Թուրք դէտերը ցաւով կ՚ընդգծեն, թէ անդամ երկիրներէն ոչ մէկը ցարդ բողոքած է Սարքոզիի հակաթուրք վերլուծումներուն դէմ։